Ինչքան շնորհալի է քարակոփ վարպետին գործը, ինչքան հանճարեղ ձեռակերտեր կը պատրաստուին ճարտարապետներու հնարքներով, հպարտութիւն առթող ինչքան քարէ կառոյցներ կը կերտուին այսօր Սփիւռքի մէջ, սակայն որքա՞ն աշխատանք ի գործ կը դրուի շնորհալի, հանճարեղ, ճարտար ու հնարամիտ սերունդներ պատրաստելու ճամբուն վրայ։ Իսկ այս շէնքերը, կրթական, մարզական, դաստիարակչական, կրօնական, թէ այլ մարզերու պատկանող կառոյցները, որո՞նց համար կը բարձրանան, մեր սերունդներուն համար չե՞ն անոնք, հայապահանման, հայակերտման, հայահզօրացման մեր ծրագիրները շարունակելու որպէս միջոց ծառայելու համար չե՞ն այդ բոլորը։ Բնականաբար այդպէս է, այդպէս է թուղթի ու գիրի վրայ, բայց իրական գետնի վրայ պատկերը այլ է։
Այսօր, ամէն ժամանակներէ աւելի կարիքն ունինք մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներով զբաղելու, որովհետեւ այսօր ամէն ժամանակներէ աւելի մեր սերունդները կորսնցնելու վտանգին դիմաց ենք։ Համաշխարհային մտակողոպտիչ, նկարագրադատարկիչ, սկզբունքախորտակիչ ու մեր ազգային դարաւոր ու փառաւոր բարքերուն ու սովորութիւններուն անյարիր բարքեր կը ներխուժեն դէպի մեր մատղաշ սերունդներու միտքերն ու հոգիները եւ զիրենք յամրօրէն կը հեռացնեն հայկականութենէն։ Առաւել եւս անցնող ամիսներուն հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած ազգային արժանապատուութիւնը զգետնող դէպքերը շատ վատ ազդեցութիւն ունեցան մեր երիտասարդութեան վրայ, ոմանց մղելով յուսահատութեան, ոմանց՝ հիասթափութեան եւ ոմանց՝ անորոշութեան։ Եւ որովհետեւ երիտասարդութեան տարիքը ամէնէն զգայուն տարիքն է, ապա յառաջացած այս կացութեան մէջ ձեռնածալ մնալը՝ առանց ուշացումի մեր անգոյութեան յայտարարագիրը պիտի ստորագրէ։
Հետեւաբար դիտորդի դերի մէջ մնալը յանցագործութիւն է։ Առ այդ, անհրաժեշտ է.
ա.-Ամենայն լրջութեամբ զբաղիլ սերունդներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործով, պատահականութեան քամիներուն չյանձնել այս գործը, պատահական անձերու ձեռքը չտալ մեր գանձը՝ մեր սերունդը, կամայականութեամբ յագեցած գործելաոճերը բացառել, ապազգային հոսանքներու ներխուժման դիմաց լուսամուտ փակելու կարողութիւն չունեցողները չարտօնել դաստիարակութեան գործով զբաղիլ։
բ.-Յոխորտացող, գոռազաբան, խօսքի վարպետ գործի անպէտ անձնաւորութիւնները հեռացնել կրթական ու դաստիարակչական համակարգերէն, թոյլ չտալ անոնց խաթարել մեր նորափթիթներուն էութիւնը։
գ.-Հայու ինքնութեան ամենալաւ յատկութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ, գործով եւ ոչ քարոզներով, ներարկել նորահաս սերունդներու միտքերուն ու հոգիներուն մէջ։ Իսկ մեր ազգային նկարագրի խոցելի կողմերը անուղղակիօրէն ջնջել անոնց մտապատկերներէն։
Այս սկզբունքները բնականաբար իտէալական կրնան թուիլ, Ֆարապիի «Առաքինի Քաղաք»ին նման, սակայն ի՞նչ ընել այդ բոլորը ճերմակի վրայ սեւ գիրեր չպահելու համար։
Առաջին.-Յառաջացնել մարդուժի գործով զբաղող մարմին (ի դէպ Բերիոյ Հայոց Թեմը նախապատերազմեան շրջանին ունէր նմանատիպ խորհուրդ), չափազանց բծախնդրութեամբ ճշդել անոր անձնակազմը, որ բաղկացած պէտք է ըլլայ գործին հմուտ մարդոցմէ, մասնագէտներէ եւ փորձառուներէ։ Ի հարկին դիմել փորձագէտներու։
Այս մարմինին փոխանցել մեր նպատակն ու սկզբունքները եւ անոր վստահիլ պահանջուած աշխատանքի ծրագիրի մշակումը։ Ստուգել մշակուած ծրագիրի համընկնութիւնը մեր ռազմավարական ուղիին հետ եւ այդ մէկը հաստատելէ ետք անցնիլ գործի։
Երկրորդ.-Ամենայն լրջութեամբ հետեւիլ դպրոցներու մէջ ի գործ դրուած ազգային դաստիարակութեան։ Ազգային դաստիարակութիւնը վերապահուած չէ միայն հայերէնի դասապահերուն, այլ այդ կ’ընդգրկէ հայկական դպրոցի առօրեայի իւրաքանչիւր բաժին՝ դասապահեր, զբօսանքներ, ուսուցիչներու, դաստիարակներու, տեսուչներու եւ տնօրէններու հետ յարաբերութիւն, արտադպրոցական գործունէութիւններ, եւայլն։
Երրորդ.-Դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ ակումբներու մէջ հետեւիլ պատանիներու ու երիտասարդներու գործունէութեան եւ հայահզօրացման նպատակի պահանջներուն համապատասխան ուղղելով մեր մարդուժը՝ պատրաստել ապագայ ղեկավարներ, առաջնորդներ, մանկավարժներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ, մարմիններու անդամներ, եւ այլն։
Չորրորդ.-Նորահաս սերունդին մէջ ցանել հայասիրութիւնը, վանել անոր մէջէն բոլոր այն միտքերը, որոնք կը պղտորեն հայու պատկերը։ Անընդմէջ հայութեամբ հպարտանալու դաստիարակութիւն ջամբել, սակայն միաժամանակ լուսարձակ բանալ հայութեան բացթողումներուն վրայ, բացատրել պատճառները եւ զանոնք սրբագրելու կարեւորութիւնը շեշտել։
Հինգերորդ.-Յաճախակիօրէն մատնացոյց ընել մեր ազգի պառակտումի պատճառները, դարերու ընթացքին ղեկավարութիւն չունենալու եւ միասնականութեան սկզբունքը կարգախօսներով սահմանափակելու եւ զանիկա պաստառներու վրայ բանտարկելու հետեւանքները։
Մենք հանապազօրեայ հացի նման կարիքն ունինք մարդուժի պատրաստութեան, հակառակ պարագային ժամանակի թաւալումին հետ յանկարծ կրնանք յայտնուիլ գեղեցիկ ձեռակերտերու, շքեղ կառոյցներու եւ երկնաբարձ գմբէթներու դիմաց, որոնք ամայութեամբ բնակուած են։
Թէեւ անդունդին շատ մօտեցած ենք, սակայն տակաւին անոր եզրին չենք, հետեւաբար առանց յուսահատելու օ՛ն աշխատանքի, հայու նկարագրի ամէնէն կարեւոր յատկութիւնը՝ անխորտակելի կամքը, պիտի օգնէ մեզի եւ մենք պիտի կարենանք շէնք բարձրացնել, զուգահեռ միտքեր ու հոգիներ խոյացնել։
Մարիա Գաբրիէլեան