Եթէ միլիոնաւոր մարդոց հարցնելու ըլլանք, թէ ի՞նչ կը ցանկան Նոր Տարուան առիթով, շատ հաւանաբար շատեր պիտի փափաքին խաղաղութիւն աշխարհին։ Բացակայ է համերաշխութիւնը…։
Այսօրուան աշխարհը ալեկոծ է։ Պատերազմը, հարստահարութիւնները, խռովութիւններն ու այլամերժ տրամադրութիւնները ցոյց կու տան խաղաղութեան նկատմամբ շատերու ունեցած ժխտական կեցուածքը։ «Ի խորոց Սրտի» բարի ցանկութիւն է խաղաղութիւնը։ Պահանջք մը, որ դարձած է ընկերութիւններուն եւ ընտանիքներուն համար խիստ կարեւոր։ Տուեալ մը, որ յարաբերական կեանքը բնականոն ընթացքի մէջ կը պահէ։
Կան խռովարար խմբակներ եւ հակառակասէր անհատներ, որոնք թշնամանք կը սերմանեն, հաւաքական մենքին կարեւորութիւնը կ’անտեսեն, իրենց շահերը ամէն բանէ վեր կը համարեն, «գրպան լեցնելու» համար անօրէն միջոցներու կը դիմեն, բարոյական օրէնքները կը խախտեն եւ միայն ինքնահաճոյ նպատակներով կ’ապրին։ Ասոնք ալ խաղաղութիւնը խափանող խաւարային մտածելակերպ եւ ամօթալի արարքներ են։ Խաղաղութիւնը կը վտանգուի երբ գերդաստանի կամ ընտանիքի անդամները իրարու նկատմամբ յարգալիր վարմունք չունին։ Երբ գործակիցներ միատեղ կ’աշխատին, բայց միասիրտ չեն։ Երբ ամուսնացեալ զոյգեր հարցեր լուծելու փոխարէն՝ կը շարունակեն վիճաբանիլ, հեռու երկխօսութեան սկզբունքներէն։ Միասին կ’ապրին, սակայն չկայ սիրոյ տիրական ներկայութիւն։ Ամուսնական սրբութիւնը ոտքի կոխան կ’ընեն իրենց եսակեդրոն վարքով ու բարքով։
Մեր Տէրը Քրիստոս Երանի տուաւ խաղաղութեան հաստատման նուիրական գործը կատարողներուն։ Նման անձինք յատուկ առաքելութիւն ունին։ Անոնք ալեկոծ հոգիներուն, խոցուած սիրտերուն, տագնապի մատնուածներուն օգնական կ’ըլլան, իրենց հանդարտաբարոյ խառնուածքով, աղօթական մաղթանքով, համբերատարութեամբ, զօրակցութեամբ, լսելու ունակութեամբ եւ ծառայելու պատրաստակամութեամբ։
Խաղաղութիւնը գովելի արժէք է, բարոյական հարստութիւն է, մարդկութիւնը ազնուականացնող յատկութիւն է, աւելին՝ մաքուր խղճմտանքով ապրելու կը հրաւիրէ եւ մշտապէս հաշտութեան ճանապարհ կը հարթէ։
«Խաղաղութիւն Ամենեցուն» աղօթաշունչ բառերը բազմաթիւ անգամներ կը լսենք Հայ եկեղեցւոյ պատարագի արարողութեան ընթացքին։ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ…» խանդավառող շարականին ընդմէջէն խաղաղութեան ողջոյնը կը փոխանցուի հաւատացեալ ժողովուրդին։ «Տէր, Ողորմեա» հոգեզմայլ երգին ճամբով «Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն» աղաչանքը կը ներկայացնենք մեր երկնաւոր Հօր։ Ինչքան իմաստուն եւ հեռատես եղած են մեր եկեղեցւոյ հայրերը, որոնք պաշտամունքային կեանքին մէջ յատուկ տեղ վերապահած են ա՛յն խնդրանքներուն, որոնք հասարակաց օգտին կը ծառայեն, այլ խօսքով՝ անանձնական են իրենց բնոյթով ու խորքով։
Քրիստոս խաղաղեցուց փոթորիկը։ Վախազդու տեսարանը տագնապի մատնեց աշակերտներուն։ Անոնք ի տես անել կացութեան՝ դիմեցին Քրիստոսի, որպէս ազատումի միակ միջոց։ Մեր Տէրը Իր աստուածային միջամտութեամբ, հզօր զօրութեամբ հրաշագործ կարողութեամբ սաստեց փոթորիկը եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ Ան Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք» (Մր 4.40)։
Սաղմոս 85-ին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին»(10)։ Այստեղ յայտնապէս կը տեսնենք, թէ արդարութիւնը սերտ առնչութիւն ունի խաղաղութեան հետ, առանց որուն խաղաղութեան տանող ուղին մեր աչքերէն ծածկուած կը մնայ։ Արդարութեամբ կարելի է խաղաղութեան հասնիլ։ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ աստուածաբաններէն Անպա Պիշոյ այս սուրբ գրային համարէն մեկնելով խաչին գաղափարը կը բացայայտէ, որով արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը իրար հետ անբաժան կերպով միացան Տիրոջ փրկարար զոհագործումով՝ խաչելութեամբ։ Հրաշալի այս խորհուրդը վայելչապէս կը բացայայտէ Քրիստոսահաստատ խաղաղութիւնը։
Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը «Իրար համբուրեցին» երբ Քրիստոս ինքզինք ընծայեց որպէս «Մեղքեր քաւող զոհ»։ Այս խորախորհուրդ ճշմարտութիւնը կը ծանուցէ Պօղոս առաքեալ։ Ան Քրիստոսի հաստատած խաղաղութեան վերաբերեալ կ’ըսէ թէ Հայրը «Անոր ձեռքով ուզեց իր հետ հաշտեցնել ամէն բան, երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ, խաղաղութիւն հաստատելով խաչի վրայ մահուամբն անոր»։ (Կղ1.20) Խաչով միայն խաղաղութիւնը իրողական ներկայութիւն եւ ներգործող ազդեցութիւն կ’ունենայ։ Մեր Տէրը Իր անձին զոհագործումով խաղաղութեան աղբիւր ըլլալը յայտնեց։ Ահա թէ ինչո՛ւ Իրմով հաշտարար դեր ստանձնելու է քրիստոնեայ անհատը։ Այս սրբազան կոչումով ապրեցաւ Պօղոս առաքեալ։ Ան կոչ ուղղեց ըսելով. «Աստուած ինքն էր, որ Քրիստոսի միջոցաւ աշխարհը հաշտեցուց իրեն հետ, անյիշաչար գտնուելով մարդոց մեղքերուն հանդէպ, եւ մեզի պաշտօն տուաւ՝ որ այս հաշտութիւնը պատգամենք բոլոր մարդոց՝ եւ Քրիստոսի կողմէ կ’աղաչենք ձեզի.- Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ» (Բ.Կր 5.19-20)։
Ոխն ու չարիքը արմատախիլ ընելու կոչերը յաճախ անարձագանգ մնացած են։  «Նոր էջ» բանալու առաջարկները շատերու կողմէ մերժելի եղած են։ Առիթներու, միջնորդներու, պատգամներու եւ հաշտարարներու նկատմամբ մարդիկ նախընտրած են անտարբեր մնալ։  Առաքեալին խրատական խօսքերուն մէջ ուշագրաւ է սա անմիջական եւ հարազատ արտայայտութիւնը՝ «Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէ՛ք» (Հռ 12.18)։ «Որքան կրնաք…» այսինքն՝ ճիգ թափել, բարի կամեցողութիւն ցուցաբերել, հաշտութեան միջոցներ որոնել, Քրիստոսի նկարագիրը ընդօրինակել, բարիին կողմնակից եւ սիրոյ հետամուտ ըլլալ։ «Որքան կրնաք» բառերը հաշտութիւն նախաձեռնելու մասին կը յուշեն եւ ձեռնածալ մնալէ կը զգուշացնեն։ Խաղաղութիւն սերմանելը աստուածահաճոյ եւ սրբանուէր աշխատանք է։
Հանդարտ պատասխանելը, մենախօսութենէ խուսափիլը, մտատանջող խօսակցական նիւթերու պարագային՝ վնասաբեր մանրամասնութիւններէն հեռանալը, առհասարակ գնահատելը եւ բացառաբար առողջ քննադատելը, եւ սխալը սրբագրելու արուեստը սորվիլը մեծապէս կը նպաստեն խաղաղութեան տարածման։ Նաեւ հարկ է մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին ընթանալ Քրիստոսի հաստատած ոսկի ա՛յն կանոնին համաձայն, որ կ’ըսէ. «Ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէ՛ք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները» (Մտ 7.12)։
Անտառի վերածուած աշխարհը մանկապարտէզի վերածելու տքնաջան աշխատանքին մասնակից կը դառնան խաղաղութեան հաստատման համար ծառայողները, որոնք ո՛չ միայն խաղաղ օրեր տեսնելու ակնկալութեամբ կ’ապրին, այլ՝ սիրոյ պատուիրանին կառչելով բազում նեղութիւններու կը տոկան եւ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Այդպիսիներ խորապէս համոզուած են, թէ «Իր շուրջ խաղաղութիւն սերմանողը՝ արդարութիւն կը հնձէ» (Յկ 3.18)։
Աւետաբեր Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով պահ մը կը մտաբերենք Եսայի մարգարէին կանխասաց վկայութիւնը, երբ Սուրբ Հոգիին մղումով խօսեցաւ գալիք Փրկիչին մասին, յիշելով Անոր անձին վերագրուած կոչումները։ Յատկանշական է «Խաղաղութեան Իշխան» պատուանուն-տիտղոսը։ Յիսուսի ծննդեան օրը հրեշտակներու բազմութիւնը օրհնաբանական երգով ըսին. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, Խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ…» (Ղկ 2.14)։ Ի՜նչ երկնային համերգի հոգեխօս հնչեղութիւն, ներաշխարհը հարստացնող աւետաձայն յայտարարութիւն, երջանկութիւն եւ երանութիւն վերագտնելու աղօթաձայն երգակցութիւն, մանկացեալ Փրկիչին մօտենալու հրաւիրող քաղցրաձայն օրհներգութիւն։
«Խաղաղութիւն երկրի վրայ»։ Միայն Քրիստոսով կարելի է ապրիլ խիղճին հետ խաղաղ, մարդոց հետ՝ համերաշխ եւ Աստուծոյ հետ՝ հաշտուած։ Այլապէս խաբկանք է խաղաղութեան փնտռտուքը։
Խաղաղ եղիր ո՜վ հայորդի, քանզի երբ ապաւինիս Բարի Նաւապետին, կեանքիդ նաւակը պիտի չընկղմի մեղքով ալեկոծեալ այս աշխարհին մէջ։ Խաղաղ մնա՛ բարեկամ, քանի ծովէն անդին՝ կայ եզերք, կայ նաւահանգիստ։ Ինչքան ալ տագնապները սաստկանան, պիտի կարենանք անպարտելի երթով քալել անսայթաք, որովհետեւ մեր Տէրը խոստացաւ խաղաղութիւն պարգեւել՝ ըսելով. «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ 14.27)։
Թող Ս. Ծննդեան յուսաբեր եւ օրհնաբեր տօնը ցնծալու եւ վերանորոգ թափով գործելու բարեպատեհ առիթ հանդիսանայ համայն հայութեան։
Նոր Տարին արժեւորենք խաղաղութիւն սերմանելով։
«Խաղաղութիւն ամենեցուն»։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան