Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ տեղի ունեցած «Գաղթականներ. Զանգուածային Տեղահանումներ» խորագիրով լսումներու ընթացքին անդրադարձած է Արցախի հարցին: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ Քոքս իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ համառօտ պիտի անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղին, ուր պատմականօրէն հայկական տարածքի 80 առ հարիւրը այժմ բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ: «2020_ին Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան փախած են աւելի քան 91000 մարդիկ, որոնց 88 առ հարիւրը կիներ եւ երեխաներ էին: Աւելի քան 40 հազար մարդ զրկուած է տուներէ այնպիսի տարածքներու մէջ, ինչպիսիք են Շուշիի եւ Հադրութի շրջանները, որոնք տակաւին կը գտնուին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու բռնագրաւման տակ: «Շրջան այցելելու ցաւալի փորձառութիւնը ունեցած եմ աւելի քան 85 անգամ` 1990-ականներու եւ 2020 թուականի պատերազմներու ընթացքին: Անցեալ տարուան սեպտեմբերին այցելեցի Հայաստանի Սիւնիքի մարզ` ականատես ըլլալու համար ատրպէյճանական զինեալ ուժերու Հայաստանի տարածք ներխուժման հետեւանքով յառաջացած տառապանքներուն, ինչ որ յանգեցուց տեղւոյն բնակչութեան տեղահանութեան ինքնին Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Անթիւ գաղթականներ կը նկարագրեն հարազատներու կորուստի ցաւը, իսկ Ազրպէյճանը նախկինին պէս կը խախտէ 2020_ի զինադադարի պայմանները` ձերբակալելով հայ պատերազմական գերիները եւ քաղաքայիններն ու վայրագութիւններ կատարելով` երբեմն սարսափելի գործողութիւններ նկարահանելու համար բանտարկեալի հեռաձայնը օգտագործելով, իսկ ետքը լուսանկարները անոնց ընտանիքներուն ուղարկելով: «Գաղթականները կը նկարագրեն նաեւ ապրուստի միջոցներու, գիւղատնտեսական հողերու, ջրային հարստութիւններու եւ այլ կենսական ենթակառոյցներու կորուստը: Բայց եւ այնպէս, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը բրիտանական կառավարութենէն ոչ մէկ աջակցութիւն ստացած են: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը անցեալ տարուան մայիսին աներկբայօրէն յայտնեց, որ Ատրպէյճան, հակառակ միջազգային ընտանիքի եւ մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի կոչերուն, օգնութեան անխոչընդոտ մուտքը կ՛արգելակէ եւ այդ կացութիւնը կը մնայ նոյնը», ըսած է Քոքս: Եզրափակելով խօսքը` պարոնուհի Քոքս հարցուցած է` կրնա՞յ կառավարութիւնը հաստատել, որ Բրիտանիան պիտի չանտեսէ օգնութեան այս ճիչը եւ պիտի ապահովէ պատերազմի պատճառով տեղահանուած հազարաւոր հայերուն մարդասիրական հրատապ օգնութեան տրամադրումը: Ան յորդորած է աւելի մեծ առաջնահերթութիւն տալ իր կողմէ մատնանշուած հարցերուն եւ նմանատիպ կացութիւններու մէջ յառաջացող բազմաթիւ այլ խնդիրներուն: