“Արմէնփրէս”_ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները առաջին հանդիպումին միտքեր փոխանակած են այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն գործընթացը ե՛ւ ճարտարագիտականօրէն, ե՛ւ որոշ չափով բովանդակային առումով: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով այս մասին Ազգային Ժողովին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: Ռուբինեան յիշեցուցած է, որ ներկայացուցիչներու հանդիպումին հետեւանքով երկու կողմերու արտաքին գործոց նախարարութիւնները տարածած են մամուլի հաղորդագրութիւններ: Այսպիսով, կողմերը համաձայնած են բանակցութիւններ վարել եւ շարունակել առանց նախապայմաններու: Իսկ թէ ինչպէ՛ս կ’ընթանայ հետագայ գործընթացը, Ռուբինեան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ ատիկա կախեալ է Թուրքիոյ կառուցողականութեան, անկեղծութեան եւ պատրաստակամութեան մակարդակէն: «Հայկական կողմին փափաքն է, որ կարելի եղածին չափ արագ ներգրաւուինք բովանդակային բանակցութիւններու մէջ, որովհետև մենք հետաքրքրուած ենք լուրջ հարցերու լուծումով, առաջին կարգին սահմանի բացումով: Մենք ըսած ենք եւ կ’ըսենք հետեւեալը՝ ՀՀ-ն պատրաստ է առանց նախապայմաններու հասնիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման», ըսաւ Ռուբինեան: Ան միեւնոյն ատեն յիշեցուց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Հայաստանի որեւէ իշխանութեան օրով չէ եղած հայկական կողմէն առաջադրուած նախապայման: Հարցումին, թէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հաստատումը եւ՞ս պէտք չէ ըլլայ նախապայման՝ Ռուբինեան ըսաւ. «Երբ մենք կ’ըսենք, որ ՀՀ-ն պատրաստ է յարաբերութիւնները կարգաւորել՝ առանց նախապայմաններու, կը նշանակէ, որ նոյնը կ’ակնկալուի միւս կողմէն: Բանակցութիւններու ամբողջ իմաստն ինչ է. կայ իրավիճակ, որ մեզի ձեռնտու չէ: Ես կը կարծեմ, որ անիկա ձեռնտու չէ նաեւ Թուրքիոյ: Մենք կ’ուզենք, որ սահմանը բաց ըլլայ: Եւ մենք պատրաստ ենք բանակցելու անոր շուրջ, բանակցութեան ամբողջ իմաստն այն է, որ երկու երկիրներու միջեւ կայ հարց, եւ անիկա պէտք է լուծել», ըսած է ան։ Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումին մասին՝ Ռուբինեան ըսած է որ. «Առաջին հանդիպումը, հիմնականօրէն ճանաչողական բնոյթ կը կրէր, եւ հիմնականօրէն միտքեր փոխանակած են այն մասին, թէ կողմերը ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն գործընթացը՝ եւ ճարտարագիտականօրէն, ե՛ւ քիչ մըն ալ բովանդակային առումով: Փորձ կատարուած է երկուստեք քննարկել ոչ թէ սուր անկիւններ յառաջացնող հարցերը, այլ դրական հարցերը: Թէ ինչ պիտի ըլլայ վերջը, կախեալ է Թուրքիոյ կառուցողականությանութեան աստիճանէն, բովանդակային բանակցություններուն մէջ ընդգրկուած ըլլալու պատրաստակամութեան աստիճանէն: Ես կրնամ ըսել, որ այս պահուան դրութեամբ բնական արժեւորում ունի , առաջին հանդիպումը կը գնահատեմ կառուցողական: Իսկ թէ ինչպէս կ’ընթքնայ գործընթացը, կախեալ է նաեւ Թուրքիոյ պատրաստակամութենէն, անկեղծութենէն եւ կառուցողականութենէն», շեշտած է Ռուբինեան: