ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 16 Յունուար 2022-ին տեղի ունեցաւ «Համահայկական Երիտասարդական Դիմադրութիւն» շարժումին առցանց ընդհանուր հաւաքը, որուն մասնակցեցան 20 երկիրներէ շարժումին միացած 70-է աւելի երիտասարդական կազմակերպութիւններ` շուրջ 115 ներկայացուցիչներով: Վերջիններս տարբեր ոլորտներու մէջ գործող (քաղաքական, եկեղեցական, կրթամշակութային, բարեսիրական, մարզական, ուսանողական..) եւ տարբեր հայեացքներ ունեցող կազմակերպութիւններ են, որոնք համախմբուած են շարժումի տեսլականին, նպատակներուն եւ օրակարգին շուրջ: Հանդիպումին բանախօսն էր Տաւուշի Թեմի Առաջնորդ Բագրատ Եպս. Գալստանեան: Ան կարեւոր նկատելով արտաքին թշնամիին հանդէպ վրէժի ոգիով առաջնորդուիլը եւ ազգային արժանապատուութեան վերականգնումը` հրամայական նկատեց պատերազմի վախէն ձերբազատիլը, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան գաղափարականացումը, որուն շնորհիւ պիտի յառաջանայ համատարած ժողովրդական պոռթկումը: ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի ներկայացուցիչ Արշակ Մեսրոպեան ներկայացուց դիմադրութեան շարժման պայքարի 5 հիմնական ուղղութիւններն ու յառաջիկայ աշխատանքները, որոնք պիտի իրականացուին: Յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում: Շեշտը դրուեցաւ աշխատանքները Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ կեդրոնացնելու եւ սփիւռքեան համայնքներու երիտասարդութիւնը դիմադրութեան գաղափարին շուրջ կազմակերպելու վրայ: Հայ երիտասարդութիւնը չի հանդուրժեր եւ չի համակերպիր այսօրուան իրականութեան հետ: Համահայկական երիտասարդական դիմադրութեան ցանցը օրէ օր կ՛ընդլայնի եւ իր ամբողջ կարողականութիւնն ու ներուժը պիտի կեդրոնացնէ ներկայ իրավիճակը ճշդելու վրայ: