Վերապատուելի համայնքապետ դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ իր ազնիւ տիկնոջ Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի մտայղացումով 2006 թուականին ծնունդ առած «ԱՐՄԻՍ» երաժշտանոցը իր անուանումը ստացած է հոգեւոր հովիւ, երգահան, երաժիշտ եւ գծանկարիչ Վեր. Արմենակ Միսիրեանէն։
Հովանաւորութեամբ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի  Կիրակի, 16/1/2022 ին երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ լուսաւոր եւ վերանորոգ  եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցաւ «Արմիս» երաժշտանոցի հիմնադրութեան 15-ամեակը։
Հանդիսութեան ներկայ էին՝ հոգեւոր հովիւներ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններու եւ հալէպահայ մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Հալէպի հայկական երաժշտանոցի տնօրէններ, ծնողներ եւ երաժշտասէր հանդիսականներ:
Բացման խօսքով բարի գալուստի եւ երախտագիտական խօսքերով հանդէս եկաւ երաժշտանոցի տնօրէնուհի օրդ. Թամար Սողոյեան: Ան անդրադարձաւ «Արմիս»-ականներու վերելքին եւ երաժշտանոցի առաքելութեան։
Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրով երաժշտանոցի ուսուցիչները  մեկնաբանեցին Արմենակ Միսիրեանի «Տէրունական Աղօթք»-ը, «Քեզ, Ո՜վ Մանուկ»ը եւ «Բեթլեհէմի Աստղ»ը։
Հանդէս եկան նաեւ աշակերտները. De’rveloisի «March» նուագեցին Ճոզէֆ Զէրպէ (դաշնամուր),  Ճիմի Զէրպէ (ֆլիւթ», Արամ Խաչատուրեանի «Masquerade Waltz»ը դաշնամուրի քառձեռն(katerman) կատարումով նուագեցին՝ Քրիստ Եաղլճեան եւ Ճոզէֆ Զէրպէ։
2021 եւ 2022 տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով երաժշտանոցը ունեցաւ իր ձայնամարզութեան ուսուցչուհին, համբաւաւոր օփերայի երգչուհի Սումէյա Հալլաքը: Անոր հսկողութեամբ ելոյթ ունեցան օրդ.Կալին Պալապանեան, երգելով  Adelle-ի «sky fall»ը, ինչպէս նաեւ Քրիստինա Միրաքեան երգելով Giulio Cacciniի «Ave Maria»ն։
Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տիկին Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեանի կողմէ պատրաստուած «Արմիս» երաժշտանոցի պատմականն ու ներկայ գործունէութիւնը պարզաբանող տեսերիզ մը։
Մերթ ընդ մերթ տեսերիզով իրենց քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակները ներկաներուն հետ բաժնեկցեցան եւ շնորհակալութեան ու երախտիքի խօսք ուղղեցին արտերկիր գտնուող երաժշտանոցի շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ  ուսուցչական կազմի նախկին անդամներ:
Տիկին Շողակաթ Աբարդեան-Սելիմեանի մշակումով Արմանի Հերա Սելիմեանի «Տէրունական Աղօթք» մեներգը յատուկ փայլք եւ երանգ տուաւ  հանդիսութեան։
Հանդիսութիւնը իր սրտի խօսքով եզրափակեց Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ու ըսաւ «Երբ ի միտի ունեցանք հիմնել այս երաժշտանոցը, մեր մտքին մէջ կար նպատակ մը՝ ունենալ «երաժշտական տուն» մը, ուր երեխան կը ստանայ արուեստի գիտելիքներ, կը յղկէ իր ճաշակը ու կը դառնայ խոստմնալից երիտասարդ մը։ Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ տարիներու անխոնջ աշխատանքով, ինչպէս նաեւ նուիրեալ արուեստագէտներու ներկայութեամբ «Արմիս»ը դարձաւ զարգացող երաժշտանոց մը: Դժբախտաբար անողոք պատերազմին հետեւանքով, երաժշտանոցի մեծաթիւ ուսանողները գաղթեցին, սփռուեցան աշխարհով մէկ ու շարունակեցին իրենց երաժշտական ուսումն ու պրպտումները արտերկրի բարձրագոյն երաժշտանոցներէն ներս»։
Իր խօսքի աւարտին Վերապատուելին շնորհակալական խօսք ուղղեց նախ օրդ. Թամար Խապայեանին, որ  տրամադրեց Արմենակ Միսիրեանի գծանկարները, որոնք պահպանուած են Ռոպէր Ճէպէճեանի գրադարանէն: Ապա իր երախտիքի խօսքը ուղղեց երաժշտանոցի ուսուցչական եւ տնօրէնութեան կազմերուն, որոնք մեծ հոգատարութեամբ եւ նուիրումով հայ երաժշտութիւնը հոգեհարազատ եւ անբաժանելի մէկ մասնիկը կը դարձնեն երեխային կեանքին: Վերապատուելին շնորհակալական խօսք ուղղեց հանդիսութիւնը կազմակերպող անձնուէր եւ ծառայասէր աշխատողներուն։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վերապատուելիին առաքելական օրհնութեան աղօթքով։
Հուրինա Պէրպէրեան -Վերտանեան