Պելճիքական ճանչցուած Le Vif Weekend առցանց պարբերականը հրապարակած է հին հռոմէական ժամանակաշրջանի (Ք. ա. 754/753 – Ք. հ. 476) ժառանգութեան վերաբերող լաւագոյն ճարտարապետական յուշարձաններու ցանկը: 51 ամենագեղեցիկ յուշարձաններու  կարգին է նաեւ Գառնիի հայկական հեթանոսական տաճարը, որ կը գտնուի  Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ Ազատ գետի հովիտին մէջ:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով՝ Գառնին ցուցակի 37-րդ տեղը կը գրաւէ:
Գառնիի հեթանոսական տաճարը կառուցուած է առաջին դարուն՝ Հայոց Տրդատ Ա. թագաւորին կողմէ: Ան միակ յուշարձանն է, որ պահպանուած է Հայաստանի տարածքին եւ կը թուագրուի հեթանոսութեան ու հելլէնիզմի դարաշրջանով:
Գառնիի տաճարը ներառուած է Հռոմէական կայսրութեան օրօք կառուցուած աշխարհի լաւագոյն յուշարձաններու ցանկին մէջ: