Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը հայ համայնքին ծառայելու բարեսիրական իր բազմաբնոյթ ծրագիրներով կը շարունակէ երիտասարդ մարդուժով օժտուիլ եւ նոր մտայղացումներով լծուիլ աշխատանքի՝ հայ կինը հաւաքական կեանքին մէջ ծաղկեցնելու եւ երկրի ծանր պայմաններուն մէջ տարեցին, ուսանողին, մանուկին եւ աշխատող կնոջ նեցուկ կանգնելու համար:
ՍՕ Խաչի ներկայ աշխատանքներու մէկ մասին ծանօթանալու համար «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Աւընեան-Ամպարճեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.  
«Գանձասար»- Ինչպիսի՞ տարողութեամբ կ’ընթանայ ՍՕԽ-ի բարեսիրական եւ ծառայողական գործունէութիւնը։
Սիրան Աւընեան-Ամպարճեան- ՍՕ Խաչը կը ծառայէ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով։ Ծառայութեան ոլորտներուն հիմնականներն են մարդասիրական եւ բարեսիրական բնագաւառները, բայց անոնց կողքին, մեր միութիւնը կը ծաւալէ լայն գործունէութիւն եւ ջանք չի խնայեր պահպանելու մեր նախնիներէն մեզի ժառանգ մնացած մշակոյթը (ասեղնագործութիւն, խոհանոց եւ այլն…), միութեան մէջ ներգրաւուած հայուհիները սիրայօժար կը ծառայեն հայ համայնքին, յատկապէս կարիքաւոր ընտանիքներուն: Մեր աշխատանքները կ’ընթանան Շրջանային Վարչութեան «Աշխատանոց», «Փեթակ», «Ձեռարուեստ», Խնամատարական, Դաստիարակչական եւ հրատարակչական յանձնախումբերով: Ունինք նաեւ Մանկամսուր մը, որուն աշխատանքները կը վարէ Մանկամսուրի Յանձնախումբը:
ՍՕ Խաչի Ազգ. Պատսպարանը կը խնամէ հայ սաներ՝ ապահովելով անոնց բարի կեցութիւնը, կրթութիւնն ու ուսումը:
Այս բոլորին կողքին Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու մեր մասնաճիւղերը կը ծաւալեն բեղուն գործունէութիւն՝ հայ կինը մղելով կամաւոր ծառայութեան եւ հայկական իր դիմագիծի պահպանման:
«Գ.»-Ինչպիսի՞ ծառայութիւններ կը ներկայացնէ ՍՕ Խաչի դարմանատունը։
Ս.Ա.Ա.- ՍՕ Խաչի դարմանատունը կ’ընդգրկէ բազմաթիւ առողջապահական բաժիններ, ինչպէս՝ ընդհանուր բժշկական մասնագիտութիւններու բաժինները ( քիթ – ականջ – կոկորդ, ջղային համակարգ, շնչառական հիւանդութիւններ, ներքին, երիկամային, ստամոքսաղիքային եւ այլն…), ատամնաբուժարանը, ակնաբուժարանը, ֆիզիքական մարձումներու բաժինը եւ տարրալուծարանը: Հոն կը ծառայեն 30 եւ աւելի բժշիկներ: Յիշեմ, որ իրենց միացաւ ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան բժիշկներու ութերորդ խումբը։ Վերջերս՝ կուրծքի քաղցկեղի կանխարգիլման ամսուան առիթով դարմանատունը ձեռնարկեց կուրծքի mamography եւ echo քննութիւններու։
Տեղին է յիշել, որ ֆիզիքական մարձումի կեդրոնը բացուեցաւ մէկուկէս տարի առաջ: Ունինք այս մարզին մէջ եւս մասնագէտ բժիշկներ:
Հարկ կը համարեմ յիշել, որ դարմանատան ծառայութիւնները շատ խորհրդանշական գիներով կը մատուցուին բոլոր հալէպցիներուն, առանց ազգութեան կամ կրօնքի խտրութեան: Նպատակը մեր ժողովուրդին երկրի ներկայ պայմաններուն մէջ շատ նպաստաւոր գիներով բժշկական ծառայութեան մատուցումն է:
«Գ.»-Ինչպիսի՞ նոր ծրագիրներ որդեգրեցիք այս շրջանին։
Ս.Ա.Ա.-Աշխատանոցի Յանձնախումբին պարագային այս տարեշրջանին նոր աշխատանքի ձեւեր որդեգրուեցան, նոր ձեռագործներ պատրաստուեցան եւ վաճառուեցան: Ձեռարուեստի յանձնախումբի ընկերուհիները ձեռային նոր ոճի աշխատանքներու ձեռնարկեցին: Իսկ Փեթակ յանձնախումբը ուտեստներու վաճառքի իր եղանակը զարգացուց, ստանձնելով նոյնիսկ միութիւններու ձեռնարկներու սպասարկման աշխատանքը: Շրջ. Վարչութիւնը յառաջացուց շուկայավարման յատուկ մակնիշ մը «Նարօտ» անունով: Դիմատետրի վրայ էջ մը հիմնեցինք «Նարօտ» անունով եւ մեր Աշխատանոցի, Փեթակի, Ձեռարուեստի եւ Մանկամսուրի յանձնախումբերու բոլոր արտադրութիւնները սկսանք առցանց եւս վաճառել: Այս մէկը շատ լաւ միջոց եղաւ միութեան արտադրութիւնները տարածելու եւ հասոյթը բարեսիրական աշխատանքներու տրամադրելու: Կազմակերպական կեանքի բիւրեղացման միտումով կը ծրագրենք իրականացնել դիւանային աշխատանքներու  սեմինար մը, սկսած ենք արդէն մշակել մեր հերթական «Մայրերու Օրուան» ձեռնարկներուն եւ այլ հանրային  աշխատանքներու, իսկ գարնան կը մտադրենք կազմակերպել միջմիութենական ձեռնարկ մը՝ «Մշակոյթի օր» Խորագիրով:
ՀՕՄ-ի նիւթական օժանդակութեամբ «Պնակ Մը Տաք Ճաշ»ի ծրագիրը այսուհետեւ պիտի ըլլայ շաբաթական 3 անգամուան դրութեամբ: Այս տարեշրջանին ՀՕՄ-ի նուիրատուութեամբ, նախակրթարանի աշակերտներուն յատուկ «Տաքուկ Զգեստ» ծրագիրով ձմեռնային բաճկոններ կարել տուինք, որպէսզի պաշտպանուին ցուրտէն: Այս ծրագիրներուն կողքին, Շրջանային Վարչութիւնն ու յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու վարչութիւնները ունին  իրենց ընթացիկ աշխատանքները՝ ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ, նուիրահաւաքներ, մանուկներու յատուկ տօնախմբութիւններ, դասախօսական ձեռնարկներ եւ այլն:
«Գ.»- ՍՕԽ-ը կը մասնակցի՞ պետական կամ այլ ձեռնարկներու։
Ս.Ա.Ա- Այո՛, ՍՕ Խաչը միշտ ունեցած է դրական յարաբերութիւններ պետութեան բարեսիրական կողմերու հետ, գլխաւորաբար ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարարութեան ճամբով: Տեղին է յիշել, որ ՍՕ Խաչը հրաւիրուած էր Սուրիոյ նախագահի ընտրութեան յաջորդող սահմանադրական երդման արարողութեան պաշտօնական հանդիսութեան, Դամասկոս: Այնտեղ մեր հանդիպումներուն ընթացքին, պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ բարձր գնահատեցին ՍՕ Խաչի աշխատանքը: Վերջերս Դամասկոսի մէջ մասնակցեցանք ցուցահանդէսի մը, ուր առիթը ունեցանք ցուցադրելու հայկական ձեռագործներ: Շրջան մը ետք, միութիւնս արժանացաւ «Խէյր Ատտին ալ Ասատ»ի մշակութային արժէքներու պահպանման լաւագոյն մրցանակին: Մասնակցեցանք նաեւ Հալէպի Համալսարանի լեզուներու ուսումնարանին կազմակերպած լեզուներու ծանօթացման ձեռնարկին, ներկայացնելով հայկական մշակոյթը նկարագրող տեսերիզ մը եւ ձեռնարկի աւարտին ցուցադրելով հայկական ձեռագործներ:
Աւարտին կ’ուզեմ ըսել, թէ իբրեւ Խաչուհիներ բոլորս քաջ գիտենք, որ շատ դժուարութիւններու կրնանք հանդիպիլ երկրի այս պայմաններուն մէջ, սակայն չենք ընկրկիր, որովհետեւ տարիներու փորձառութեամբ գիտենք ձեռք-ձեռքի, միտք-մտքի տալով՝ որպէս վարչութիւն, վարչամեքենայ եւ անդամուհիներ, միասնաբար յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ շարունակելու մեր ծառայութիւնը։ ՍՕ Խաչը կը նմանի մեղուափեթակի, մեր աշխատասէր եւ գործակցող ընկերուհիները միշտ պատրաստ են սիրայօժար ծառայելու մեր ժողովուրդին: Իսկ ՀՕՄ-ը իր անվերապահ աջակցութեամբ, տարբեր ծրագիրներով կը սատարէ մեր բարեսիրական գործունէութեան:
 Հարիւրամեակ մը յաջողութեամբ թեւակոխելով ահաւասիկ երկրորդի մը շեմին ենք եւ պատրաստ՝ նորութիւններով  ու հաւատքով շարունակելու մեր երթը:
Հարցազրոյցը վարեցին
Անժելա Չաղլասեան
Էլէնա Աւագեան