ԱՆՈՐ ԿԸ ՆԱՅԻՄ
Այսպիսի տարաբնոյթ պայմաններով ընթացաւ Դաւիթին կեանքը արդարութեան, սրբութեան, գոհաբանութեան, օրհներգութեան եւ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդութեան, ինչպէս նաեւ՝ մեղքի, զղջումի, տրտմութեան, լացի եւ դաստիարակութեան պայմաններ, որոնք Աստուծոյ թոյլտուութեամբ եղան։ Աստուած նոյնիսկ խիստ տառապանքով խոնարհեցուց զինք, նպատակ հետապնդելով անոր փրկութիւնն ու յաւիտենականութիւնը, որպէսզի մաքրուի չարէն, որ փորձեց ապականել իր կեանքը։
Դաւիթ ամբողջովին խոնարհած ու փշրուած՝ ապաշխարութեան զգացումներով Աստուծմէ խնդրեց. «Մաքուր սի՛րտ հաստատէ մէջս, ով Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10)։
ՄԱՔՈՒՐ ՍԻ՛ՐՏ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԻՄ ՄԷՋՍ Ո՜Վ ԱՍՏՈՒԱԾ
Զօրաւոր հաւատքով Դաւիթ մարգարէ ու թագաւոր իր ապաշխարութեան սաղմոսին մէջ կը խնդրէ. «Մաքուր սի՛րտ հաստատէ մէջս, ով Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10)։ Որովհետեւ անիկա գիտցաւ, թէ ով կրնայ մեղքերը ներել, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ, որ ոչ ոք կրնայ ապականեալ մարդը վերստեղծել կամ նորոգել, բացի Անորմէ՝ որ սկիզբէն զինք իր պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծեց, եւ Ան՝ որ ստեղծելու կարողութիւնն ու զօրութիւնը ունէր։ Այսպէս կ’ըսէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս. «Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան» (Յհ 10.10)։
Այնքան ատեն որ Քրիստոս է կեանքը, ի՞նչպէս կրնանք առանց իրեն ապրիլ, որուն մասին Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Որովհետեւ Իրմով է որ կ’ապրինք, կը շարժինք եւ կանք» (Գրծ 17.28), եւ Ինք միակն է, որ կրնայ փրկել, ինչպէս կ’ըսէ Աստուածաշունչին մէջ. «Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ եւ ինձմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։ Ես պատմեցի ու փրկեցի եւ գիտցուցի, երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար ու իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած» (Ես 43.11-12)… Ինք միայն կրնայ խորտակել դժոխքը եւ յաղթել սատանային եւ անոր չար զօրութիւններուն։
Երբ Դաւիթ իր ապաշխարութեան մէջ կ’ըսէ. «Մաքուր սի՛րտ հաստատէ մէջս, ով Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10), անիկա մարգարէական հոգիով կ’ըմբռնէ ու կ’անդրադառնայ, որ բացի կեանքի Տէրէն ուրիշ ոչ ոք կրնայ մեռածը կենդանացնել, այդ պատճառով ալ մեր Տէրն ու փրկիչ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով ըսաւ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6)։
Այնպէս ինչպէս վիրաւորուած մարդը, երբ արիւնաքամ կ’ըլլայ եւ մահամերձ վիճակի կը մատնուի, անոր միակ բուժումը արեան փոխանցումը կ’ըլլայ, որովհետեւ արիւնը կեանք է, նոյնպէս ալ անհրաժեշտ էր, որ այդ կեանքը շնորհուէր կեանքի Տուիչէն, որ կեանքի իշխանութիւնն ունի եւ կրնայ մեռելներէն յարուցանել, որ իր իսկ անձին մասին վկայեց՝ ըսելով. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յհ 11.25)։ Եւ Սուրբ Հոգին Քրիստոսի արիւնէն առնելով՝ կը լուայ ու կը մաքրէ մեզ։
Երբ Դաւիթ մարգարէն ըսաւ. «Մաքուր սի՛րտ հաստատէ մէջս, ով Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի՛ դիր իմ ներսիդիս» (Սղ 51.10), արդեօք ի՞նչ ըսել կ’ուզէր «Մաքուր սի՛րտ» արտայայտութեամբ, եւ կամ ուրիշ իմաստով՝ մարդ ինչպէ՞ս մաքուր սրտով կ’ապրի, այն սրտով, որուն մասին Քրիստոս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որոնք սրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մտ 5.8)։
Գուցէ մաքուր սիրտ կը նշանակէ մեղքը չսիրել, այսինքն՝ մարդը չի սիրեր մեղքը, ո՛չ կը ցանկայ զայն եւ ոչ ալ կ’ուրախանայ անորմով։ Եւ կամ շատ աւելի խորքային իմաստով, ատիկա կը նշանակէ ատել մեղքը։ Որովհետեւ շատ հաւանական է, որ մարդ հեռանայ մեղքէն, բայց միւս կողմէ չատէ զայն։
Եւ առաջինէն ու երկրորդէն շատ աւելի բարձր աստիճանի մաքրութիւն մը կայ, եւ այդ ալ՝ «մաքուր սիրտ» ունենալ կը նշանակէ՝ Աստուծոյ սիրով լեցուիլ։ Ոչ միայն մեղքը չսիրել եւ կամ ատել մեղքը, այլեւ սիրել արդարութիւնը եւ կառչիլ անոր։ Ատոր համար ալ մեր Տէրը ըսաւ. «Երանի՜ անոնց, որոնք սրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն» (Մտ 5.8)։ Ուստի, սրտի մաքրութիւն կը նշանակէ Աստուծոյ հանդէպ բոցավառ փափաք ու կարօտ ունենալ եւ յարատեւ կառչիլ անոր։ Ա՛յս է ճշմարիտ սրբութեան կեանքը։
Սրբութիւնը միայն մեղքը ձգելը չէ, որովհետեւ մարդ պատիժէն վախնալով կրնայ մեղքը ձգել, սակայն այս չէ սրբութեան կեանքը։ Սրբութեան կեանքը մեղքը ատելն է։ Սոսկ մեղքէն զզուիլը չէ հարցը, այլ ինչպէս մարդ իր կեանքին մէջ կ’ատէ մեղքը, նոյնպէս ուրիշներու կեանքին մէջ ալ պէտք է ատէ մեղքը։ Սա բնականաբար չի նշանակեր, որ ան պէտք է ատէ մարդը, այլ պէտք է ատէ չարութիւնն ու մեղքը, որ այս աշխարհին մէջ կը գտնուին։
Մեղքին ատելութիւնը մարդուն մօտ զօրաւոր զգայնութիւն կը ստեղծէ չարին ու չարութեան նկատմամբ, եւ ասոր մասին է, որ կը գրէ առաքեալը, ըսելով. «Ով որ Աստուծմէ ծնած է՝ չի մեղանչեր, այլ Աստուծոյ ծնունդը՝ Քրիստոս կը պահպանէ զայն եւ Չարը անոր չի մօտենար» (Ա.Յհ 5.18), ինչպէս նաեւ. «Ով որ Աստուծոյ զաւակ դարձած է՝ մեղք չի գործեր, որովհետեւ Աստուծոյ կեանքին հաղորդակից կը մնայ։ Այլեւս կը դադրի մեղանչելէ, քանի Աստուծոյ զաւակ կը դառնայ» (Ա.Յհ 3.9)։
Աստուծմէ ծնածը չի մեղանչեր, ասիկա է մեղքը ձգելու փուլը, իսկ յաջորդող փուլը այն է՝ որ «այլեւս կը դադրի մեղանչելէ» (Ա.Յհ 3.9)։ «Կը դադրի մեղանչելէ» կը նշանակէ, թէ որքան ալ առիթներն ու միջոցները կը ներկայանան, ինչպէս նաեւ՝ որոշ ճնշումներ մեղք գործելու համար, կամ նոյնիսկ եթէ ենթադրենք, որ ինք անձամբ փորձեց մեղանչել, չի՛ կրնար։ Ասիկա մաքրութեան եւ սրբութեան շատ աւելի խոր աստիճան մըն է, որուն եթէ հասնի մարդը, մեծապէս կը հանգստանայ իր հոգեւոր կեանքին մէջ։ Ուստի, այսպիսիին համար մեղք չգործելը կամ հեռու մնալը մեղքէն ոչ թէ վախի պատճառով է, այլ այն պատճառով, որ իր հոգեւոր բնութիւնը չ’ընդունիր ու չի հանդուրժեր կապ ունենալ մեղքին հետ։ Ինչո՞ւ։
Որովհետեւ Աստուծոյ սերմը հաստատուն է իր մէջ, Աստուածային սերմը, այսինքն՝ նոր բնութիւնը, որ մկրտութեան շնորհիւ ստացաւ, հաստատուն կը մնայ իր մէջ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ Ս. Դրոշմի, այսինքն՝ Ս. Միւռոնի կնքման խորհուրդով։
(շար.13)

Թարգմանեց՝ Լեւոն Վրդ. Եղիայեան