“Երկիր”._Քրեմլինի մամուլի ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Քննարկուած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020-ի, 11 Յունուարի 2021-ի եւ 26 Նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ արձանագրուած համաձայնութիւններու իրագործման գործնական տուեալները՝ ներառեալ հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման եւ սահմանազատման հետ առնչուած հարցերը։ Նշուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա) միջոցով աշխատանքը շարունակելու նպատակայարմարութիւնը։ Նկատի առնելով հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի ներկայիս նախագահութիւնը՝ քննարկուած են ՀԱՊԿ հետագայ գործակցութեան հեռանկարները։ Նիկոլ Փաշինեանի խնդրանքով Ռուսիոյ նախագահը հակիրճ տեղեկացուցած է ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը։