ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան Բ. դասակարգի մրցումներուն, Լաթաքիոյ մէջ ՀՄԸՄ-ի խումբը յաղթեց հիւրընկալ Թատամոն խումբին՝ 43-40 արդիւնքով:
– Տղոց պասքեթի Բ. դասակարգի մրցումներուն, ՀԵԸ-ի խումբը յաղթեց ՀՄԸՄ-ի խումբին՝ 83-62 արդիւնքով:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Իթթիհատ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ճապլէի կազմէն, իսկ Աֆրին 2-0 արդիւնքով զիջեցաւ Շըրթային: Ախոյեան Թըշրինը 2-2 արդիւնքով հաւասարեցաւ Հուրճուլայի հետ, իսկ Ուասպէն 2-0 արդիւնքով յաղթեց Հըթթինին, որուն շնորհիւ կրցաւ բարձրանալ աղիւսակի առաջին դիրք:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿՐԿԻՆ ՍՊԱՆԻՈՅ ՍՈՒՓԸՐ ԳԱՒԱԹԱԿԻՐ
Պատմութեան մէջ 12-րդ անգամ ըլլալով մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը կրցաւ կրկին ձեռք ձգել Սպանիոյ Սուփըր գաւաթը՝ աւարտական մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով անցեալ տարուան ախոյեան Աթլեթիքօ Պիլպաուին: Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ կայացած հանդիպումին, արքայական ակումբի առաջին կոլը նշանակեց Լուքա Մտրիչը 38-րդ վայրկեանին, իսկ խմբապետ Քարիմ Պենզեման կրկնապատկեց արդիւնքը, 52-րդ վայրկեանին տուքանային հարուածով:
Նշենք, թէ Ռէալ վերջին տիտղոսին արժանացած էր 2020-ին: Սոյն մրցաշարքի տիտղոսին քաթալոնէական Պարսելոնան արժանացած է 13 անգամ:

ԻՎԷՐԹՈՆ ՀԵՌԱՑՈՒՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՆԹԵԶԸ
Ըստ Լիվըրփուլի «Էվերթոն»ի պաշտօնական կայքին, ակումբի վարչութիւնը պաշտօնազուրկ ըրաւ խումբի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Ռաֆայէլ Պենթեզը: Անգլիոյ առաջնութեան 22-րդ փուլին «Էվերթոն» 1-2 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ «Նորվիչէն»: Խումբը իր մրցումներուն ապահոված է միայն 19 կէտ եւ ներկայիս կը գրաւէ աղիւսակի 16-րդ դիրքը: Ռաֆայէլ Պենթեզը իր պաշտօնը ստանձնած էր 2021-ի Յունիսին՝ փոխարինելով իտալացի Գարլօ Անչելոթին, որ ներկայիս կը մարզէ Ռէալ Մատրիտը:
Յիշենք, որ Էվըրթոնի պատասխանատուները բանակցութիւններ սկսած են վարել զանազան մարզիչներու հետ, որոնց առաջինն էր Ռոմայի ներկայ մարզիչ Ժոզէ Մորինիօն, սակայն ան մերժած է անգլիական ակումբի առաջարկը, նախընտրելով մնալ իտալական խումբին հետ, մինչեւ պայմանագրութեան ժամանակաշրջանին աւարտը:

Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան