Շաբաթ, 22 Յունուար 2022-ին, Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը հաղոդեց, որ Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդը Սուրիոյ Համալսարաններէն ներս արձակուրդ յայտարարեց Կիրակի, 23 Յունուար 2022-էն մինչեւ յառաջիկայ Հինգշաբթի, 27 Յունուար 2022՝ օդի ջերմաստիճանի կտրուկ նուազումին եւ ցուրտին հետեւանքով։ Որոշումին համաձայն, արձակուրդի միջոցին նախապէս ճշդուած քննութիւնները կը յետաձգուին։