Ա․
Սոյն շարքով լոյս կ՛ընծայենք ՀՄԸՄ-ական հանրածանօթ մարզիկ, տնօրէն Ճորճ Ռաստկելէնեանի յուշագրութիւններն ու վկայութիւնները ՀՄԸՄ-ի Հալէպի եւ Պէյրութի պատմութենէն, հաւատալով, որ ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ սկաուտական շարքերուն մէջ թրծուող սերունդներ կը ներշնչուին միութեան պանծալի պատմութեամբ ու մարզիկներու անմեռ յուշերով։
 
* * *
 
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի ու Պէյրութի զոյգ խումբերու փառաւոր անցեալի մասին յօդուածներով եւ կարեւոր տեղեկութիւններով հանդէս կու գամ, ձեզի ներկայացնելով այս հսկայ միութեան՝ ՀՄԸՄ-ի անցեալի պատմութեան անմոռանալի նուաճումներէն ու սխրագործութիւններէն օրինակներ, որոնք իրականացան բոլոր ՀՄԸՄ-ականներու ջանքերուն, անսակարկ նուիրումին, թափած քրտինքին ու բացարձակ գործակցութեան շնորհիւ, անխտի՛ր։ Այս յօդուածաշարքը կը հրապարակեմ երեք հիմնական նպատակներով։
 
Առաջին․ յատուկ շնորհակալութիւն, յարգանք եւ գնահատանք յայտնելու բոլոր անոնց, ի մասնաւորի ֆութպոլի եղբայրներուս, որոնք ՀՄԸՄ-ականի ազնիւ գիտակցութեամբ, բծախնդիր կարգապահութեամբ, հաւատարմութեամբ, անսակարկ նուիրումով եւ մանաւանդ ՀՄԸՄ-ի «բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին հաւատք ցուցաբերելով նպաստեցին անոր գոյեատեւման, վերելքին եւ յաջողութիւններուն: Անոնք ոսկեայ տառերով արձանագրեցին փառաւոր անցեալի գեղեցիկ եւ անմոռանալի էջեր:
 
Բի՜ւր յարգանք ու երախտագիտութիւն բոլորին: Կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն երկնքի արքայութեան արժանացնէ, եւ անոնք դրախտային անդաստանին մէջ հանգիստ, խաղաղ եւ ապահով ննջեն:
 
Առողջութիւն,Եռանդ, կորով եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը շարունակեն ծառայել այս հսկայ միութեան՝ ՀՄԸՄ-ին, նորանոր յաջողութիւններ ապահովելու յոյսով ու առաջադրանքով:
 
Երկրորդ․ ՀՄԸՄ-ի նորահաս սերունդին իրազեկ դարձնելու այս հսկայ միութեան փառաւոր անցեալին որոշ փուլերուն, ծանօթացնելու զիրենք իրագործուած նուաճումներուն, որպէսզի առաւել խրախուսուին, ոգեւորուին, գօտեպնդուին, քաջալերուին եւ իրենց հոգիներն ու սրտերը ողողուին արդար հպարտութեամբ։ Թող անոնք եռանդով շարունակեն սրբազան այս պարտականութիւնը՝ բարձր ու վառ պահելու իրենց վստահուած ՀՄԸՄ-ի լուսատու ջահը, առաւելագոյն չափով ծառայելու աւելի քան հարիւրամեայ կեանք ունեցող այս միութեան, նպաստելու անոր բարեբեր ու յաջող երթին, միշտ հաւատարիմ մնալով այս դարբնոցին, մարդակերտումի եւ հայակերտումի սրբազան դպրոցին՝ ՀՄԸՄ-ին։
 
Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ,
 
Ինքնավստահ, հաստատ քայլերով, հաւատքով ու տեսիլքով քալեցէք դէպի յառաջ, անսասան, անվեհեր, բացառիկ յաղթանակներ, փայլուն յաջողութիւններ եւ յիշատակելի նուաճումներ արձանագրելու առաջադրանքով:
 
Թող ձեր շքեղ, բարի երթը յաջողութեամբ պսակուի:
 
Երրորդ․ ժամանակէ մը ի վեր ականատես ու ականջալուր կ՛ըլլամ անախորժ արարքներու, որոնց հերոսները, դժբախտաբար, կարգ մը մարզիկներ են, իրենց հետ ունենալով օտարականներ: Անոնք կը փորձեն ՀՄԸՄ-ի գեղեցիկ անցեալի անմոռանալի նոաճումներն ու յաղթանակներու շքեղ պատկերը խեղաթիւրել, պղծել, այլափոխել, անհիմն, անճիշդ տեղեկութիւններ փոխանցելով, հեքիաթներ յօրինելով եւ իրենց խաղընկերներուն արդարօրէն ձեռքբերած արդիւնքները իւրացնելու փորձեր կատարելով, իրենց անձին վերագրելով, պարզապէս իրենց հիւանդագին եսասիրութեան, փառամոլութեան յագուրդ տալու համար: Անոնք իրենց անհատական շահերը աւելի վեր կը դասեն միութեան շահերէն ու սկզբունքներէն եւ կը դիմեն այնպիսի արարքներու, որոնք խոտոր կը համեմատին միութեան շահերուն ու նպատակներուն հետ:
 
Ի տես այս բոլորին, միութենականի խիղճս եւ ՀՄԸՄ-ի դպրոցէն ներս ստացած դաստիարակութիւնս երբեք չէին արտօներ զիս, որ անտարբեր մնայի նորահաս սերունդին ՀՄԸՄ-ի փառաւոր անցեալի պատկերէն բաժին մը խեղաթիւրուած, պղծուած փոխանցելու երեւոյթին դիմաց:
 
Հետեւաբար, անսալով եւ ընդառաջելով խղճիս ձայնին, հաւատարմութեամբ եւ ճշգրտութեամբ, հիմնուելով վաւերական տուեալներու ու արխիւներու վրայ, դիմեցի այս քայլին՝ սրբագրելու, ճշդելու եւՀՄԸՄ-ի հարուստ պատմութեան այս փուլը իր հարազատ, պայծառ պատկերով ներկայացնելու:
 
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ-ին եւ իր անցեալի աննախընթաց, բարեբեր ու պատուաբեր ձեռքբերումներուն:
 
Նախ պիտի ներկայացնեմ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին պատուաբեր այն իրագործումը, որ տեղի ունեցաւ 1964-1965-ի եղանակին, երբ ՀՄԸՄ-ի աննման եղբայրներուս հետ, հակառակ բազմատեսակ խոչընդոտներու յաջողեցանք անկարելին կարելի դարձնել եւ ՀՄԸՄ-ի վայել գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը բարձր պահելու նախանձախնդրութեամբ բազմիլ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ֆութպոլի առաջին ախոյեանութեան գահին, պատուաբեր յաղթանակ ապահովելէ ետք Սուրիոյ բանակի «ալ Ճէյշ» խումբին դէմ:
 
«Գանձասար»ի հետագայ թիւերով, երեք մասով պիտի ներկայացնեմ այս պատմական իրագործումը, որ ոսկեայ տառերով արձանագրուեցաւ Սուրիոյ եւ ՀՄԸՄ-ի պատմութեան էջերուն վրայ:

Ճորճ Ռաստկէլէնեան