“Արմէնփրէս”._Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդած է, որ Աւստրալիոյ Երիտասարդական լիպերալ շարժումը ընդունած 1915_ի հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան բնիկ հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու բանաձեւ։ Երիտասարդական լիպերալ շարժումը Աւստրալիոյ լիպերալ կուսակցութեան երիտասարդական թեւն է: Աւստրալիոյ լիպերալ կուսակցութիւնը երկրի մեծագոյն քաղաքական ուժերէն մէկն է եւ ներկայիս դաշնային կառավարութեան մէջ է՝ վարչապետ Սքոթ Մորիսոնի գլխաւորութեամբ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ բանաձեւի ընդունումը ցոյց կու տայ Աւստրալիոյ հասարակութեան մէջ 1915_ի ցեղասպանութիւններու ճանաչման աջակցող քննարկումներու ընդլայնումը, որ կը հակասէ Մորիսոնի կառավարութեան քաղաքականութեան, որ կը շարունակէ խուսափիլ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ։ «Այս բանաձեւը ցոյց տուաւ, որ ապագայ առաջնորդները կոչ կ’ուղղեն իրենց ներկայ առաջնորդներուն միասնական եւ համերաշխութիւն յայտնելու հայ-աւստրալական, ասորա-աւստրալական եւ յոյն-աւստրալական համայնքներուն՝ անդրադառնալով անցեալի եւ ներկայ անարդարութիւններուն, որոնք կը մնան անպատիժ», ըսած է Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան՝ ողջունելով Երիտասարդական լիպերալ շարժումի որոշումը։ 2020_ին երիտասարդ լիպերալները ընդունած էին համանման բանաձեւ, որ ճանչցած եւ դատապարտած է 1915_ի հայերու, ասորիներու, յոյներու ցեղասպանութիւնները եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը։