Երկուշաբթի, 24 Յունուար 2022-ին, «Սատա FM» ռատիոկայանը հաղորդեց, որ «Քաթրճի-Քապիտա» ընկերութիւնը Տուպէյի մէջ «Dubai Expo 2020» ցուցահանդէսին մասնակցութեան ընթացքին Չինաստանի ամենամեծ ընկերութեան հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց՝ Սուրիոյ մէջ ծանր ճարտարարուեստի (այլազան փոխադրամիջոցներու) գործարան մը հիմնելու շուրջ։ Աղբիւրը աւելցուց, որ չինական ընկերութիւնը որոշեց Միջին Արեւելքի մակարդակով Սուրիոյ մէջ յատկապէս ամենամեծ գործարանը հիմնել, որովհետեւ Սուրիան ռազմավարական դիրք ունի եւ Լիբանանի, Յորդանանի ու Իրաքի միջեւ կամուրջ կը հանդիսանայ։