ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ վարչապետի անհիմն պնդումներուն մասին։ Յայտարարութեան մէջ ըսուած է․   «ՀՀ վարչապետը 24 Յունուար 2022-ի հարցազրոյցին մէջ թոյլ տուած է այնպիսի հաաստատումներու, որոնք մէկ կողմէն կը խեղաթիւրեն պատմական փաստերը, միւս կողմէն` գրեթէ նոյնութեամբ կը կրկնեն ատրպէյճանաթրքական թէզերը, որոնց դէմ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համաշխարհային ցանցը տեւականօրէն արդիւնաւէտ պայքար կը մղեն։ Ներկայիս չափազանց ցաւալի է Հայաստանի գործադիր իշխանութեան ղեկավարի շրթներէն լսել թշնամական թէզերու կրկնութիւնը։ Ի թիւս բազմաթիւ թշնամահաճոյ պնդումներու, Փաշինեան յայտարարած է, թէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չէ վարած», իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորապէս համարած է սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք։  Հայ Դատ ըսելով, Փաշինեան տուեալ պարագային, հաւանաբար, նկատի ունի Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հարցը՝ դիտաւորութեամբ մոռացութեան մատնելով այն փաստը, որ 1921_ին Կարսի պայմանագիրը, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն առ ոչինչ է, ցայսօր ընդունուած չէ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն որպէս Հայաստան-Թուրքիա սահմանի իրաւական հիմք։ Այդ մասին կը վկայէ 10 Հոկտեմբեր 2009_ին Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձին մէջ կատարուած հետեւեալ հաստատումը. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ սահմաններու հարցը ենթակայ է լուծման միջազգային իրաւունքին համաձայն: Արձանագրութիւնները անկէ աւելի ոչինչ կ’ըսեն»։ Աւելին. ցիւրիխեան արձանագրութիւներու սահմանադրականութեան մասին ՀՀ Սահմանադրական դատարանի 12 Յունուար 2010_ի որոշումով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը նշուած է իբրեւ «փաստացի սահման»։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովին կողմէն կազմուած եւ 29 Յունուար 2015_ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ ներկայացուած` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրը  եղած է եւ կը մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչակից հանգամանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին համազգային եզակի փաստաթուղթ, որ իր համընդգրկունութեամբ եւ ընդունման համախոհութեամբ ցայսօր կը շարունակէ բարձր արժէք ունենալ։ Պէտք է արձանագրել նաեւ այն փաստը, որ եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորապէս եղած է սփիւռքեան կառոյցներու գործունէութիւն, այդ գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը բազմապատկուած է այն ատեն, երբ ՀՀ օրուան իշխանութիւնները սատարած են այդ գործին՝ 23 Օգոստոս 1990_ին որդեգրուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրով ստանձնուած յանձնառութեան համապատասխան։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ՀՀ այս իշխանութիւններու կողմէն կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին կատարուած անընդհատական յղումներուն մասին անդրադառնալով, պէտք է նկատել, որ ՀՀ կառավարութեան 2021-2026_ի ծրագիրին մէջ նշուած է․ «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կառավարութեան կողմէ պիտի ծառայէ ոչ թէ տարածաշրջանային լարուածութեան աճին, այլ ընդհակառակը՝ տարածաշրջանի լիցքաթափման նպատակին»։ Հարց կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը համադրել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման հետ։ Պէտք է նաեւ ուշադրութեամբ նկատել, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը կառավարութեան ծրագիրին մէջ չի ներկայացուիր իբրեւ գործընթաց, որ կը խօսի ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգէն ճանաչման գործընթացը դուրս բերելու մասին։ Հայաստանի վարչապետը չէ խորշած նաեւ խիստ վտանգաւոր յայտարարութիւններ ընել Արցախեան հիմնահարցին մասին։ Կը ցաւինք, որ Հայաստանի վարչապետը կա՛մ այնքան անպատրաստ է, որ չի գիտեր, կա՛մ միտումնաւոր խեղաթիւրած է ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարաբերակցութիւնը միջազգային իրաւունքին մէջ։ Ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարաբերակցութեան վէճը աւելի յստակացած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ Քոսովոյի կողմէն անկախութեան միակողմանի համապատասխանութեան մասին 22 Յուլիս 2010_ի խորհրդատուական որոշումով։ Աւելի չխորանալով այդ որոշման իրաւաքաղաքական ծալքերուն մէջ՝ միայն նշենք, որ Դատարանը ուղղակիօրէն արձանագրած է՝ «տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կիրառման ոլորտը կը սահմանափակուի ճանչցուած պետութիւններու յարաբերութիւններու ոլորտով»։ Իբրեւ եզրակացութիւն՝ Դատարանը ընդունած է, որ միջազգային իրաւունքը չ’արգիլեր անկախութեան միակողմանի հռչակումները։ Աւելին, ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեամբ սահմանուած՝ իրաւունք եւ սկզբունք հասկացութիւնները իրարմէ կը տարբերին, եւ սկզբունքները միտուած են իրաւունքներու ապահովութեան, ոչ թէ հակառակը։ Հետեւաբար, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը եւ ինքնորոշման իրաւունքը հակադրուիլ չեն կրնար, իսկ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ տարածքային ամբողջականութեան հարց յառաջանալ առհասարակ չի կրնար, քանի որ, ինչպէս արձանագրած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կրնայ կիրառուիլ իրարու ճանչցած երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այսպիսով, փոխանակ օգտուելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ հայկական կողմի դիրքերը ամրապնդող առարկայական հանգամանքներէն, ՀՀ իշխանութիւնները, անկարող ըլլալով ատիկա ընել, ամբողջապէս կը կատարեն ատրպէյճանա թրքական թէզերու ամօթալի կրկնութիւնը, իսկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մէջ բաւարարած են թրքական յայտնի նախապայմանները։ ՀՅԴ Հայ Դատի աշխարհասփիւռ կառոյցը, անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական ու ամօթալի դիրքորոշումներէն, կը շարունակէ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ այն վստահութեամբ, որ այդ իրաւունքներու պաշպանութիւնը չի կրնար պայմանաւորուած ըլլալ անցողիկ եւ ապաշնորհ իշխանութիւններու գոյութեամբ»։