ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան Բ . դասակարգի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 58 – 72 արդիւնքով կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը, զիջելով Մահարտէին:
 – Սուրիոյ Պասքեթի Դաշնութիւնը հրապարակեց Հալէպի պասքեթի U-16-ի տղոց հաւաքականի ցանկը, որուն մաս կազմեցին ՀՄԸՄ-ի խումբէն Գօգօ Զգուշեանն ու Շանթ Օգճեանը, իսկ ՀԵԸ-ի խումբէն՝ Ճորճ Գալայճեանն ու Պօղոս Տատաղլեանը:
 – Սուրիոյ Ֆութպոլի Հաւաքականը Ուրբաթ օր ժամանեց Տուպայ, ուր մէկ շաբթուան տեւողութեամբ պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը: Հաւաքականը Տուպայի մէջ պիտի մասնակցի համաշխարհային զտման մրցումներու երկու հանդիպումներու՝ Իմարաթի եւ Քորիայի կազմերուն հետ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՒԱՐՏԵՑ ԷԼՉԷՅԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ 
Սպանիոյ ախոյեանութեան 22-րդ փուլի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ Էլչէյի հետ մրցումը աւարտեց 2 – 2 հաւասարութեամբ: 33-րդ վայրկեանին, Ռէալ ստացաւ տուգանային հարուածի իրաւունք, սակայն ֆրանսացի յարձակող Քարիմ Պենզեման չկրցաւ նշանակել զայն: 2009-էն Ռէալի հետ հանդէս եկող Պենզեման առաջին անգամն է, որ կը ձախողի տուգանային հարուածի իրագործման մէջ: Ան մինչ օրս յաջողած է նշանակել 16 տուգանային հարուած: 42-րդ վայրկեանին Էլչէյ նշանակեց իր առաջին կոլը Լուկաս Փոէի միջոցաւ, իսկ կիսախաղը աւարտին հասաւ 1-0 արդիւնքով: 76-րդ վայրկեանին Էլչէյի կազմէն Պերէ Միլեան կրկնապատկեց արդիւնքը: 82-րդ վայրկեանին Ռէալի երկրորդ տուգանային հարուածը դարձաւ արդիւնաւէտ եւ Լուքա Եովիչ նշանակեց առաջին գնդակը: Արքայական խումբի խաղացող Միլիթաու հանդիպումի յաւելուած ժամանակաշրջանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը եւ փրկեց խումբը պարտութենէ:
ԱՐՍԵՆԱԼ ՄՏԱԴԻՐ Է ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ՄԻԿԷԼ ԱՐՏԵՏԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
 Daily Mail-ը տեղեկացուց, որ Լոնտոնի Արսենալը մտադիր է երկարաձգել խումբի գլխաւոր մարզիչ Միկէլ Արտետայի հետ պայմանագրութիւնը: Անգլիական ակումբի ղեկավարութիւնը կը փափաքի 39-ամեայ սպանացի մասնագէտին հետ կնքել նոր պայմանագրութիւն, որ նախատեսուած է մինչեւ 2025 թուական։ Արտետայի գործող պայմանագրութիւնը մինչեւ Յունիս  2023 կ’երկարի։
Միկէլ Արտետա Արսենալը գլխաւորած է Դեկտեմբերին 2019-ին,  հեռանալով Մանչեսթըր Սիթիէն: Ան Մանչեսթըրի գլխաւոր մարզիչ Կուարտիոլայի օգնականն էր։ Արտետայի ղեկավարութեամբ Արսենալը նուաճած է Անգլիոյ գաւաթն ու սուփըրգաւաթը։ Անգլիոյ ընթացիկ առաջնութեան 20 խաղերէն ետք, Արսենալը 35 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան