Նիկոլ Փաշինեան իր ասուլիսին մէջ թուրք-ատրպէյճանական անհիմն թէզեր կը հիմնաւորէ։ «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման դիտարկումով հանդէս եկած է ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան՝ անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի վերջին ասուլիսի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն: Ըստ Սաղաթէլեանի, Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ այն գիծը, թէ ամէն ինչ նախապէս որոշուած էր, Հայաստանը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը արդէն ճանչցած էր, ամէնը արդէն տրուած էր. «Այս խայտառակ ցնորամիտ եւ կեղծ գիծը յառաջ կը տանի՝ փորձելով հասարակութեան մօտ արդարանալ, թէ ինքը այս ամէն ինչին մէջ մեղք չունէր: Այսպիսով ան մեծապէս կը վնասէ յառաջիկայ բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ կ’ոտնահարէ Հայաստանի եւ Արցախի շահերը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան։ Փաշինեանի յայտարարութեան մասին, թէ Հայաստանը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չէ վարած, Իշխան Սաղաթէլեան վստահ է՝«Փաշինեան չի հասկնար՝ ի՞նչ է Հայ Դատը. «Հայ Դատի գրասենեակներու կեդրոնական խորհուրդը մանրամասն անդրադարձած է իր այդ յայտարարութեան: Եթէ խօսքը ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման մասին է, Հայ Դատը միայն միջազգային ճանաչումով չի զբաղուիր, Հայ Դատը վերջին տարիներուն գլխաւորապէս կը զբաղէր Արցախի հիմնահարցով եւ ամբողջ աշխարհին կը ներկայացնէր Արցախի եւ արցախահայերու ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութիւնը, այս լոյսին տակ կանգնիլ ըսել՝ Հայ Դատը չէր զբաղեր այս հարցերով, ցոյց կու տայ, որ ան չի հասկնար՝ ինչ է Հայ Դատը», ըսաւ զրուցակիցը՝ նկատելով, որ նման յայտարարութիւններով Նիկոլ Փաշինեան սովորաբար «փորձ կ’ընէ պառակտելու հայ ժողովուրդը, նոր բաժանարար գիծեր յառաջացնել հայ ժողովուրդի եւ Սփիւռքի միջեւ ՝ համարելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը միայն Սփիւռքի հարցն է». «Հայ մարդը, ըլլայ Սփիւռքի մէջ, թէ՝ Արցախի մէջ, ունի մէկ օրակարգ, մեզի համար անընդունելի են այս բաժանումները», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան: Զրուցակիցի արձանագրումին համաձայն, Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ Արցախեան բանակցութիւններու ողջ պատմութիւնը աղճատուած ներկայացնել. «Տպաւորուած եմ, որ այդ մարդու ձեռքը փաստաթուղթեր անցած են 30 տարիներու բանակցութիւններու, ինք այդ փաստաթուղթերէն կը գտնէ մեզի համար ոչ նպաստաւոր դրուագներ, եւ կը ներկայացնէ անոնք՝ առանց հասկնալու, որ այդ նոյն փաստաթուղթերուն մէջ կան հայկական կողմին ձեռնտու բազմաթիւ այլ դրուագներ: Օրինակ՝ կը խօսի մատրիտեան փաստաթուղթերու, տարածքային ամբողջականութեան մասին, բայց կը մոռնայ, որ այդ փաստաթուղթին մէջ յստակօրէն կայ ինքնորոշման իրաւունքի հարց, որ պէտք է լուծուէր հանրաքուէով։ Յստակ է, որ այդ փաստաթուղթերէն որեւէ մեկը 100% հայկական չէ եղած, կամ 100% ատրպէյճանական չէ եղած, բայց գտնել այդ փաստաթուղթերէն մեզի ոչ ձեռնտու կէտերը եւ սկսիլ անոնք հիմնաւորել…., այդպիսի բաներ կ’ընեն թուրքերը եւ ատրպէյճանցիները, ես այս ամէնուն այլ բացատրութիւն չունիմ», ըսաւ Սաղաթէլեան: Անոր դիտարկումով՝ փորձ կը կատարուի նաեւ հասարակութեան տրամադրել Արցախի կորուստը, պարտութեան եւ տարածքային նոր զիջումները. «Նիկոլ Փաշինյան ի վիճակի չէ պաշտպանելու մեր ժողովուրդին շահերը, իր իշխանութիւնը պահելու համար սկսած է հիմնաւորել ատրպէյճանական թէզերը, ժողովուրդն ալ կը պատրաստէ նոր զիջումներու: Երբ ինք կ’ըսէ, թէ ժողովուրդի կողմէն հովանաւորող ունի, կը սխալի, ժողովուրդը իր երկիրը նոր զիջումներու տանելու հովանաւորութիւն չէ տուած: Ընտրութիւններու ընթացքին ժողովուրդին խոստացած է խաղաղութիւն, անվտանգութիւն, սակայն բոլորը հիմա կը հասկնան, որ խաբած է, ինքը մեզի ոչ թէ խաղաղութեան կը տանի, այլ կը տանի նոր աղէտի եւ զիջումներու», ըսաւ ԱԺ փոխնախագահը: Անդրադառնալով նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ՝ երկիրը կը մտնէ վտանգաւոր նոր փուլ, ուստի նախագահին «փախուստ պէտք էր». «Նախագահը հրաժարականի բնաբան կը գրէ այլ երկրէ, սա այսօրուան իրավիճակին արտացոլանքն է,հեգնանք ու ծաղր՝ մեր ժողովուրդին նկատմամբ, ուրիշ բացատրութիւն չկայ», ըսաւ ան: Ընդդիմութեան յառաջիկակ քայլերուն մասին Սաղաթէլեան ըսաւ, որ փողոցային պայքար պիտի ըլլայ. «Հարց է՝ ե՞րբ, ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս ընենք, որ մեծ ծաւալ ստանայ եւ դառնայ համաժողովրդական պայքար», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան: