«alikonline.ir» – Երեքշաբթի, 25 Յունուար 2022_ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան «Համաշխարհային Քրիստոնէութիւնը» ընդհանուր խորագիրը կրող դասընթացքի գլխաւոր դասախօսն էր, «Քրիստոնէութեան Վկայութիւնը Արեւելքի Մէջ Եւ Հայ Եկեղեցին Իրանի Մէջ» նիւթով, Գերմանիոյ Բոխում քաղաքի համալսարանի Աւետարանական Աստուածաբանութեան բաժանմունքի ուսանողներուն: Կը տեղեկացնէ Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանը: Առցանց կազմակերպուած դասախօսութիւնը Ատրպատականէն Բոխում, իրականացուեցաւ վերոնշեալ Աստուածաբանական բաժանմունքի տնօրէն Դոկտ. Քլաուտիա Ռամմելթի միջոցով, մասնակցութեամբ նոյն բաժանմունքի դասախօսներուն եւ մօտաւորապէս 20 ուսանող-ուսանողուհիներու։ Մօտաւոր երկու ժամ անգլերէնով ընթացող դասախօսութեան առաջին մէկ ժամուան ընթացքին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի առաջնորդը ընդհանուր ակնարկ կատարեց քրիստոնէութեան ներկայութեան մասին անոր բնօրրանին՝ Արեւելքի մէջ: Ապա յատկապէս անդրադարձաւ Իրանի մէջ հայութեան դարաւոր ներկայութեան, անոր անձնական իրաւունքներուն, Իսլամական հանրապետութեան պայմաններուն մէջ վայելած առանձնաշնորհումներուն եւ եկեղեցական ու ազգային կեանքի հեզասահ կառավարման կարգին: Դասախօսներուն եւ յատկապէս ուսանող-ուսանողուհիներուն հետաքրքրութեանըշ յագուրդ տալով, Սրբազան հայրը դասախօսութեան յատկացուած ժամանակին երկրորդ մասով, դարձեալ մէկ ժամուան տեւողութեամբ, պատասխանեց բոլորին հարցումներուն, որոնք լուսաբանիչ պատասխաններ կը խնդրէին շարք մը խնդրայարոյց դէպքերու համար: Այս առնչութեամբ, Սրբազան Հայրը քրիստոնեայ եւ իսլամ երկխօսութեան միջոցով իրականացուող գործակցութեան բարեյոյս մթնոլորտին ակնարկեց, որըշ իւրայատուկ է Իրանի մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար: «Իրանի մէջ դարաւոր ներկայութիւն ունեցող հայ քրիստոնէութեան բոլոր իրաւունքներու անխախտ պահպանումը իսլամական յեղափոխութենէն վերջ, ինքնին Իրանի լայնախոհութեան եւ համակեցութեան դրսեւորումներէն է», ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւելցնելով, որ «Քրիստոնեայ կամ մուսուլման նահատակներուն նկատմամբ անխտրական յարգանքն ու անոնց ընտանիքներուն հանդէպ հոգածութիւնը նոյնպէս, այս երկրի բարձր սկզբունքներէն մէկն է», շեշտեց Սրբազան Հայրը: Դասախօսութեան յաջորդող զրոյցի եւ հարց-պատասխանի ընթացքին առիթ եղաւ նաեւ մասնաւոր կերպով անդրադառնալու Ատրպատականի Հայոց Թեմի պատմական վանքերուն ու յուշարձաններուն: Սրբազան Հայրը հակիրճ ներկայացուց, այս նիւթին շուրջ իր հեղինակած «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում» գիտական մատենաշարի առաջին երկու հատորներու ամփոփումը, յոյս յայտնելով, որ բախտաւոր օր մը, Բոխումի համալսարանի աստւածաբանութեան ուսանողութիւնը առիթը պւտի ունենայ, այցելելու Ատրպատականի սրբավայրերը, եւ անձնական վկայութեամբ հաստատելու, առաջին դարէն քրիստոնէութեան գործօն ներկայութիւնը այս տարածաշրջանի մէջ: Աւարտին, լսարանավարութիւնը ստանձնած Դոկտ. Ռամմելթ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, շահեկան դասախօսութեան համար, յոյս յայտնելով, որ նման դասախօսական ծրագիրներ շարունակական ըլլան, աւելի ծանօթանալու համար Իրանի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն եւ յատկապէս հայ համայնքի կեանքին: