Երկուշաբթի, 31 Յունուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 3:05-ին, Իսրայէլ հրթիռներ արձակեց Պէյրութի արեւելեան «Ռիաք» շրջանէն, թիրախ դարձնելով Դամասկոսի շրջակայքը գտնուող կարգ մը զինուորական կեդրոններ։ Աղբիւրը յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն, վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։ Աղբիւրը աւելցուց, որ հրթիռակոծման հետեւանքով նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։