Երկուշաբթի, 31 Յունուար 2022-ին, Հալէպի Նահանգապետարանէն ներս, զինուորական ծառայութենէ փախուստ տուուղներու, կամ զայն չյետաձգողներու իրավիճակին կարգաւորման յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Հալէպի Նահանգապետարանի պատասխանատու մարմիններուն եւ Հալէպի աշիրապետներուն հետ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի ստորագրած զինուորական պարտադիր կամ պահեստի ծառայութենէ փախուստ տուուղներուն ներման եւ անոնց իրավիճակին կարգաւորման հրամանագիրին գործադրութեան միջոցներուն քննարկման համար։ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ շեշտեց նախագահ Ասատի հրամանագիրին կարեւորութիւնը, որուն միջոցաւ սուրիական տարբեր նահանգներուն մէջ զինուորական ծառայութենէ փաուստ տուողներուն իրավիճակը պիտի կարգաւորուի եւ անոնց ներում պիտի շնորհուի, յայտնելով, որ Հալէպի ժողովուրդը եւ աշիրապետները մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենան այս գործընթացին մէջ՝ իրենց զաւակները քաջալերելով վերադառնալու իրենց շրջանները, շարունակելու իրենց բնականոն կեանքը եւ մաս կազմելու Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն։ Նահանգապետ Տիապ յայտնեց, որ Սուրիոյ պետութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ զինուորական ծառայութենէ փախուստ տուող քաղաքացիներն ու տեղահանուածները ընդունելու եւ անոնց դիւրութիւններ եւ օժանդակութիւններ ընծայելու։ Իր կարգին, յանձնախումբը բացատրութիւն տուաւ կարգաւորման գործողութեան մանրամասնութիւններուն եւ նկատի առնուած միջոցներուն շուրջ, որպէսզի մեծ թիւով քաղաքացիներ օգտուին նախագահական այս հրամանագիրէն, յատկապէս անոնք, որոնք սուրիական կառավարութեան հսկողութենէ դուրս շրջաններու մէջ կը գտնուին։ Աշիրապետները խօսք առնելով, յայտնեցին, որ Հալէպի արեւելեան եւ հիւսիսային արուարձաններուն մէջ մարդասիրական միջանցքներ բացուեցան եւ հողատէրերուն դիւրութիւններ ընծայուեցան, որպէսզի վերադառնան իրենց աշխատանքին եւ նպաստեն Սուրիոյ վերականգնումին։ Նշենք, որ սոյն հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Քրոստափոր Հապոյեանը։ Ուստի զինուորական փախստականի կամ այլ կարգավիճակ ունեցող համայնքի մեր զաւակները կրնան օգտուիլ Սուրիոյ նախագահի ներման հրամանագիրէն եւ առաւելագոյնը մինչեւ վեց ամիս ներկայանալ համապատասխան կողմեր, իրենց կարգավիճակը յստակացնելու համար, նկատի ունենալով որ անոնք որեւէ պատիժի ենթակայ պիտի չըլլան։