Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ օրակարգ դրուած է ատրպէյճանական բռնատիրութեան մասին օրէնքի նախագիծ։ Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոնի նախագահ Թեւան Պողոսեան կը գրէ. «Նոր հեռախօսային կապ հաստատեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ յայտնեց շատ սպասուած ու լաւ լուր։ Յուսամ, որ 16 Փետրուարի նիստին պիտի կատարէ առաջին ընթերցում, իսկ 20 Փետրուարին, նաեւ իր խորհուրդով, ամբողջական պիտի ընդունուի։ Արցախի ԱԺ-ի այս նախաձեռնութեան պէտք է օժանդակել եւ օգնել, որ տեղեկատուական դաշտին մէջ կարենանք մեր շեշտադրումները ընել։ Յուսամ` 13 Փետրուարը խորհուրդով եւ Միացում շարժումի 34-րդ տարեդարձով կ’ամրագրուի համայն հայութեան միասնութեան միտուած գործողութիւնները»։