Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն կը տեղեկանանք, որ 2020_ի 44-օրեայ պատերազմը աննկարագրելի արհաւիրք էր Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար, ու թէեւ 9 Նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութենէն վերջ գործուն զինուորական գործողութիւնները դադրեցան, այդուհանդերձ Ատրպէյճան չէ հրաժարած իր նենգ ծրագիրներէն ու կը շարունակէ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութիւնը ահաբեկելու, արցախցիներուն մէջ ծրագրուած խուճապ ձեւաւորելու եւ անիկա պահպանելու ուղղուած քայլերը: 9 Նոյեմբեր 2020_էն վերջ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները իրենց ողջ ներուժը ուղղած են համացանցային կարելիութիւններու կիրառումով յարձակումներուն ու արցախցիներուն ընկերային ցանցերու վրայ տարբեր դաւադիր գործընթացներու մէջ ներգրաւելու ուղղուած գործողութիւններու կազմակերպումին ու իրագործումին: Յատկանշական է, որ այդ մեթոտներն ու հնարքները պարբերաբար փոխուին, կատարելագործուին: Սկիզբը հայկական համացանցային տիրոյթէն պատճենած են Ստեփանակերտի ու Արցախի Հանրապետութեան հանրաճանաչ այլ վայրերէն տեսարաններ եւ ատրպէյճաներէն գրութիւններու ուղեկցութեամբ վերահրապարակած՝ այդ ձեւով արցախցիներու մօտ փորձելով ձեւաւորել անպաշտպանութեան զգացողութիւն եւ ատրպէյճանցիներու կողմէն Արցախի Հանրապետութեան տարածք ազատօրէն ներթափանցելու տպաւորութիւն: Արցախի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէն այդ տեսանիւթերու կեղծ ու բեմականացուած ըլլալը բացայայտելէն վերջ կատարուած է հանրային գիտակցութեան վրայ ներազդելու մեթոտի փոփոխութիւն եւ նորութիւն: Ամենատարբեր միջոցներով շահագրգռելու եւ տարբեր պատճառաբանութիւններով համոզելու եղանակով ընկերային ցանցերու արցախցի օգտատէրերէն ձեռք բերուած են Ստեփանակերտի «Վերածնունդի» հրապարակի, «Մենք Ենք Մեր Սարերը» յուշարձանի եւ այլ վայրերու լուսանկարներ կամ նոյն վայրերու մէջ կատարուած տեսանկարահանման արդիւնքներ եւ կրկին ատրպէյճաներէն խօսակցութեան ուղեկցութեամբ հրապարակուած: Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ այդօրինակ դէպքերը բացայայտելէ եւ անոնց ծագումի աղբիւրները մերկացնելէ վերջ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները կրկին վերափոխած են գործողութիւններու բնոյթը: Այս անգամ որպէս թիրախ սկսած են ընտրուիլ ոչ միայն քաղաքացիական անձեր, այլեւ զինուորական ծառայողները, որոնց հետ ընկերային ցանցերու վրայ բացուած կեղծ ու գայթակղիչ էջերուն հետ կապ հաստատուելէն վերջ ձեռք բերուած են անձնական տուեալներ՝ անձնագիրի, զինուորական գրքոյկի լուսանկարներ, անպարկեշտ արտայայտութիւններ պարունակող գրագրութիւն, ստացած մարմնի տարբեր մասերու լուսանկարներ, որմէ ետք անոնք հրապարակելու սպառնալիքի գործադրումով մեր քաղաքացին դարձնել սեփական պահանջները բաւարարելու գործիք: Անձնական տուեալներու եւ պատիւն ու արժանապատուութիւնը նուաստացնող տեղեկութիւններու հրապարակման վտանգով շղթայուած անձերէն հետագային փորձ պիտի կատարուի ստանալ Արցախի Հանրապետութեան տարբեր վայրերու լուսանկարներ, զօրամասերու տեղակայման վայրերու, սպառազինութեան մէջ մտնող զէնքի ու զինամթերքի տեսակի եւ քանակի մասին տեղեկութիւններ: