ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը համաձայնագիր մը ստորագրեց Սուրիոյ հաւաքականի նորանշանակ մարզիչ Խաֆիր Քրիսպոյի հետ, որպէսզի ան ստանձնէ տղոց հաւաքականի մարզիչութիւնը: Մարզիչը Կիրակի օր մամլոյ ասուլիսէն ետք կատարեց իր առաջին մարզումը:
-Սուրիոյ տղոց U. 19-ի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը 70-66 արդիւնքով պարտութեան մատնեց աղիւսակի առաջին դիրքը գրաւող Հուրիէն:
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն, Դամասկոսի մէջ Ուահտէն 69-67 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իթթիհատը:
-Համաշխարհային ֆութպոլի 2022-ի ախոյեանութեան զտման մրցումներուն, Սուրիոյ հաւաքականը 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Իմարաթի կազմէն: Մրցումի տեւողութեան, սուրիացի խաղացողները ներկայացան անմակարդակ խաղարկութեամբ:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱՏԱԼ ՏԻՐԱՑԱՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի օր կայացած Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի աւարտական մրցումին, սպանացի թենիս խաղացող Ռաֆայէլ Նատալ 2-6 / 6-7 / 6-4 / 6-4 / 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ռուս մարզիկ Տանիյէ Մետվետեւը, ապահովելով Մեծ սաղաւարտի իր 21-րդ մրցանակը: Վերջին անգամ Աւստրալիոյ առաջնութեան նման արդիւնքի հասած է Ռոյ Էմերսընը, 1965-ին: Ռաֆայէլ Նատալ այս յաղթանակէն ետք ապահովեց 2000 վարկանշային կէտ եւ արժանացաւ երկու միլիոն տոլար վարձատրութեան:

ՌԷԱԼ ՓԱՓԱՔ ՈՒՆԻ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼՈՒ ՊԱՒԱՐԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԸ
Սպանիոյ մամուլին համաձայն, Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտը հետաքրքրուած է Պայերն Միւնէխի ֆութպոլիստ Կորենտին Տոլիսոյով:
Նշենք, որ Տոլիսոյի պայմանագրութիւնը Պաւարիոյ հետ մօտ օրերս պիտի աւարտի, այսպիսով սպանական ակումբը կարելիութիւն ունի ձեռք բերելու խաղացողը՝ նուազ գումարով:
Ընթացիկ մրցաշրջանին Կորենտին Տոլիսոն գերմանական կազմին հետ մասնակցած է 15 հանդիպումներու, նշանակելով երեք կոլ եւ կատարած է երեք կոլերու փոխանցում:

ՏԻԷԿՕ ՔՈՍԹԱՆ ԿՐՆԱՅ ԼԱ ԼԻԿԱ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ
Սպանացի մարզական լրագրող Էկրեմ Կոնուր յայտնած է, որ Աթլեթիքոյի եւ Չելսիի նախկին յարձակող Տիէկօ Քոսթան կրնայ պայմանագրութիւն կնքել Վալենսիոյ հետ։
Նշենք, որ Քոսթայի վերջին ակումբն էր Աթլեթիքօ Մինեյրօն, որուն հետ ան հանդէս եկաւ 2021-ի Օգոստոսէն մինչեւ 2022-ի Յունուար։ Այդ ընթացքին, ան խումբին հետ տիրացաւ Պրազիլի ախոյեանութեան եւ բաժակին:

Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան