Պաքուի լրագրողը բացայայտած է, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մտադրած է հայկական արձանագրութիւնները ջնջել 2020 թուականին Հայաստանի հետ պատերազմի ընթացքին իր վերատիրացած տարածքներուն մէջ գտնուող կրօնական վայրերէն:
Կառավարութիւնը այդ քայլը արդարացուցած է պնդելով, որ անոնք իրականութեան մէջ ներկայ Ատրպէյճանի մէջ գտնուած հնադարեան թագաւորութեան մը՝ Կովկասեան Ալպանիոյ ժառանգութիւնն են:
Պաքուի կողմէ ստեղծուած պատմական այս նենգափոխումը կարելի է քողազերծել պատմական ոչ միայն հայկական այլեւ օտար փաստերով: Այդ մէկը մեր պատմաբաններն ու հետազօտները կը պարզեն:
Այս առիթով կարեւոր է անգամ մը եւս յիշեցնել կոյր ու խուլ ձեւացող միջազգային հանրութեան, մանաւանդ ազգերու ժառանգութիւններու պահպանման համար կեանքի կոչուած կազմակերպութիւններուն, որ հայկական մշակութային կոթողներու բնաջնջման քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանի համար նոր քաղաքականութիւն չէ: Ան շարունակութիւնն է Նախիջեւանի հայկական խաչքարերու եւ գերեզմաններու բնաջնջման բարբարոսութեան: Շարունակութիւնն է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք լրատուամիջոցներու տեսախցիկներով վաւերագրուած հայկական խաչքարերու եւ այլ կոթողներու քանդումին, Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ սրբապղծումին: Մէկ խօսքով՝ Արցախի մէջ հայութեան պատմական ներկայութեան փաստերը բռնարարքներով եւ միջազգային օրէնքներու խախտումով ոչընչացնելու Պաքուի քաղաքականութեան:
Այս բոլորը կու գան հաստատելու մէկ իրողութիւն, որ Արցախն ու արցախահայութիւնը չեն կրնար գոյատեւել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ, իսկ Արցախի անկախութեան հռչակումը թէ՛ մշակութային, թէ՛ ցեղային սպանութենէ փրկուելու միակ ելքն էր ու կը շարունակէ մնալ միջազգային օրէնքով իսկ ազատ ինքնորոշման իրաւունք վայելող արցախահայութեան համար:
Այս օրինակը բաւարար է բացատրելու Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի ջարդերուն տուն տուող պատճառներն ու հայութեան անկախ ու ապահով ապրելու համար մղած արդար պայքարը:
Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուած համակարգուած զանգուածային ոճրագործութիւնները իրենց ահաւորութեամբ եւ նպատակով չեն տարբերիր մշակութային ոճիրներէն:
Տակաւին ինչպիսի՞ կենդանի վկայութիւններու կարիք կայ՝ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ահազանգը լսելու ատրպէյճանական այս բարբարոսութիւններուն դէմ եւ զիրենք մղելու արցախահայութեան իրաւունքներու ճանաչումին: