ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը պաշտօնազուրկ ըրաւ ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ Թիթա Ֆալերնոն եւ իր օգնական կազմը՝ հաւաքականի ձախող արդիւնքներուն հետեւանքով: Յիշենք, որ համաշխարհային ֆութպոլի զտման մրցումներուն Թիթան եղաւ 5-րդ մարզիչը, որ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն: Ցարդ նոր մարզիչ չէ որոշուած:
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի մրցումներու ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը 57-43 արդիւնքով յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Լաթաքիոյ Հթթինը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Իթթիհատ, մրցակից ունենալով Քարամէն, 0-0 հաւասարութեամբ վերադարձաւ Հոմսէն, իսկ Լաթաքիոյ Հթթինը 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուահտէն: Վերջին երկու տարիներու ախոյեան Թշրինը 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ճէյշին, իսկ Ուասպէն 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հալէպի Աֆրինը, որ կը գրաւէ աղիւսակին վերջին դիրքը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ 
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ «ՊԷՅՃԻՆԿ-2022»-Ի ԽԱՂԵՐՈՒՆ
Ուրբաթ, 4 Փետրուարին Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Չինաստանի նախագահ Շի Ճին Փինկ 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց, իսկ ձմեռնային խաղերուն կրակով վազեցին երկու չինացի պատանի մարզիկներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ պատմական անդրադարձով՝ ներկաներուն եւ պատկերասփիւռէն ուղղակի հետեւողներուն ներկայացնելով նախորդ՝ 23 ձմեռնային ողիմպիական խաղերը ընդունած երկիրները:
Ապա սկսաւ պատուիրակութիւններուն մուտքը մարզադաշտ:
Խաղերուն մասնակցութիւն կը բերեն 91 երկիրներէ աւելի քան չորս հազար երկսեռ մարզիկներ:
Հայաստանի պատուիրակութեան դրօշը կրեցին դահուկորդ Միքայէլ Միքայէլեան եւ գեղասահորդ Թինա Կարապետեան:
Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն Հայաստանը պիտի ներկայացնեն դահուկորդներ Միքայէլ Միքայէլեան, Քաթիա Գալստեան եւ Անկելինա Մուրադեան, ինչպէս նաեւ գեղասահորդներ Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ պարի զոյգը:
Հայաստանի պատուիրակութեան նախագահն է Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի անդամ Արմէն Գրիգորեան:
Աւելցնենք, որ Փեքին ողիմպիական խաղերը հիւրընկալած միակ քաղաքն է, որ հիւրընկալած է թէ՛ ձմեռնային եւ թէ՛ ամառնային (2008) խաղերը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան