“Արմէնփրէս”._ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 Փետրուարին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Արարատ Միրզոյեանն ու Սերկէյ Լաւրովը անդրադարձած են 9 Նոյեմբեր 2020_ի, 11 Յունուար 2021-ի եւ 26 Նոյեմբերի 2021_ի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն իրագործման ընթացքին։ Զրուցակիցները ընդծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու քայլերը եւ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերու համակարգումը։ Աղբիւրին համաձայն, հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, ՀՀ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ գործակցութեան, ինչպէս նաև՝ տարածաշրջանային ու միջազգային օրակարգային հարցերու։ Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին։