“Ապառաժ”.-16 Փետրուարին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի հերթական նիստը, ուր օրակարգի վրայ դրուած էին «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին», «Քաղաքացիական Օրէնսգիրքի Մէջ Լրացում Կատարելու Մասին» օրէնքներու նախագիծերու փաթեթը։ «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» օրէնքի համահեղինակներ են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարները եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահը: Նիստին ընթացքին հիմնական զեկուցող, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան ներկայացուցած է օրէնքի նախագիծը, կառավարութեան առաջարկները եւ առաջարկած է անիկա առաջին ընթերցումով ընդունիլ: Կատարուած քուէարկութեան ընթացքին Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցումով միաձայնութեամբ ընդունած է «Բռնագրաւուած Տարածքներու Մասին» ԱՀ օրէնքը: