Ռուսիոյ կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ճանաչումը, յատկապէս Ռուսիոյ նախագահին ճանաչման հրամանագիրին մէջ արձանագրուած այն հաստատումը, թէ «Մինչեւ 1917 թուական Ուքրանիա գոյութիւն չէ  ունեցած: Ուքրանիան ստեղծած է Լենինը…», կրկին լոյսին կը բերեն Հայաստանի դիւանագիտութեան կորսնցուցած կարելիութիւնները:
23 Փետրուարին Փութինի եւ Ալիեւի շուրջ չորս ժամ տեւած բանակցութիւններէն վերջ, Ատրպէյճանի նախագահը կրկին կը պահանջէր, որ «Հայաստան կատարէ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները՝ դուրս բերելով իր զօրքերը Լեռնային Ղարաբաղէն եւ ապահովելով հաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանին միջեւ»։
Հայաստանին Արցախի հետ գէթ  ռազմավարական դաշինք կնքելու առաջադրանքը բարձրացուցած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն առաջ: Այդ դաշինքի կնքուած ըլլալուն պարագային այսօր Ատրպէյճան չէր կրնար պարտադրել հայկական ուժերուն դուրս բերումը Արցախէն:
Ցաւօք այդ առիթը կորսնցուցին Հայաստանի իշխանութիւնները՝ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն հետ ազգային շահերու վրայ հիմնուած արդիւնաւէտ երկխօսութեան ու գործակցութեան մօտեցումներուն նկատմամբ անլրջութիւն ցուցաբերելով:
Պաքուն եւ Մոսկուան այսօր պաշտօնապէս դաշնակիցներ են, ընդ որում անոնց ստորագրած հռչկագիրը կը նախատեսէ երկու երկիրներու ռազմական անվտանգութեան պահպանումը եւս: Մասնաւորաբար, Պաքուի պնդումով, ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, թէ «Անվտանգութիւնը ապահովելու, խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու համար Ռուսիոյ Դաշնութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կրնան դիտարկել միմեանց ռազմական օգնութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը»:
Ալիեւ մամլոյ ասուլիսին կը շեշտէր նաեւ, որ հռչակագիրով կողմերը կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պարտին չմիջամտել միմեանց ներքին գործերուն:
Այս հաստատումով Ատրպէյճան կը ձգտէր բացառել Արցախի ազատագրման որեւէ փորձ, Ռուսիան եւս պարտաւորութեան տակ դնելով այս առումով, իսկ Ռուսիա ՆԱԹՕ-ի ուժերուն Ատրպէյճանի ճամբով իր սահմանները հասնելու վտանգը կը բացառէր՝ Ատրպէյճանը իր դաշնակիցը դարձնելով:
Երկու երկիրներու նախագահները իրենց ազգային անվտանգութեան պահպանման համար դիւանագիտական ամէն միջոցի դիմեցին ու կը դիմեն, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը մնան լուռ…
Լուռ էին անոնք, երբ 44-օրեայ պատերազմին առիթը ունէին ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը, յատկապէս երբ Ատրպէյճան կը խախտէր Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ յայտարարուած զինադադարները:
Լուռ էին, երբ վերոյիշեալ հռչակագիրով Ատրպէյճան իր տարածքային ամբողջականութիւնը կ’ամրագրէր, մինչդեռ Հայաստան ոչ մէկ բանակցութեան կամ յայտարարութեան մէջ արտայայտուած էր ու կ’արտայայտուէր արցախցիներու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին մասին, նոյնիսկ երբ Ատրպէյճան Հայաստանի նախկին նախագահներուն նկատմամբ հետախուզում կը յայտարարէր յայտնելով, որ Քոչարեան եւ Սարգսեան 2 Սեպտեմբեր 1991-ին հռչակեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Մինչդեռ անկախութիւնը կը հռչակեն  ժողովուրդները՝ քուէարկութեամբ կիրարկելով իրենց ազգային ինքնորոշման իրաւունքը:
Տակաւին Արցախի մէջ մշակութային կոթողներ կ’աղաւաղուին, հայութեան ներկայութիւնը ջնջելու յստակ նպատակով, իսկ լռութիւնը կը շարունակուի:
Հայաստանի ազգային շահերը չեն պաշտպանուիր, փոխարէնը Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա աշխոյժ դիւանագիտութիւն կը վարեն թէ՛ դաշնակցային յարաբերութիւններ զարգացնելու, թէ՛ իրենց ազգային անվտանգութիւնը ամրագրելու եւ թէ ազդեցութեան իրենց գօտին ընդլայնելու տարածաշրջանին մէջ:
Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, ազգային անվտանգութեան պահպանման կարելիութիւնները կը գահավիժին, պիտի գահավիժին, եթէ ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ երկրի ազգային ուժերը համախմբուելով այս քաոսէն դուրս գալու գործնական միջոցներու չձեռնարկեն: