Ուրբաթ, 25 Փետրուար 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Կողմերը զրուցեցին Օքրանիոյ իրավիճակին եւ Տոնպասի բնակիչները պաշտպանելու նպատակով Ռուսիոյ մղած զինուորական գործողութիւններուն շուրջ։ Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ ներկայ պատերազմը պատմութեան ճշդում է եւ Սովետական Միութեան քայքայումէն ետք աշխարհին խախտուած հաւասարակշռութեան վերականգնումն է։ Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ արեւմուտքը թոհուբոհի մէջ է, որովհետեւ կը ջանայ պատմութիւնը սխալ ընթացքի մէջ պահել, հաստատելով, որ Ռուսիա ոչ միայն ինքզինք կը պաշտպանէ, այլեւ մարդկութեան եւ արդարութեան սկզբունքները։ Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիա զօրավիգ կը կանգնի Ռուսիոյ, աւելցնելով, որ Ռուսիոյ ՆԱԹՕ-ի տարածման դէմ դնելը իր արդար իրաւունքն է, որովհետեւ այդ մէկը աշխարհը ամբողջութեամբ վտանգի կ՚ենթարկէ։ Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ սուրիական եւ ռուսական բանակները նոյն թշնամիին դէմ կը պայքարին, Սուրիոյ մէջ ծայրայեղութեան դէմ, իսկ Ուքրանիոյ մէջ՝ Նացիականութեան, շեշտելով, որ Ռուսիա ամբողջ աշխարհին պիտի փաստէ, որ հզօր պետութիւնները հզօր են ոչ միայն իրենց զինուորական ուժերով, այլեւ մարդկային սկզբունքներն ու միջազգային օրէնքները յարգելով։ Իր կարգին նախագահ Փութին շեշտեց, որ Տոնպասի մէջ զինուորական գործողութիւններուն նպատակն է վերականգնել խաղաղութիւնը եւ վերջ տալ բնակչութեան 8 ամեայ տառապանքին, յայտնելով, որ Ռուսիա դիւանագիտութեամբ կը բանակցէր, սակայն արեւմտեան պետութիւններուն դրդումով ուքրանական իշխանութիւններուն երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական պայմանագրութիւնները խախտելէ եւ Տոնեցքի ու Լուկանսքի հանրապետութիւններուն զինուորական աջակցութիւն խնդրելէն ետք է որ Ռուսիա զինուորական գործողութիւններու դիմեց։