Բարեկենդանի օրերու ամենաբնորոշը, սակայն,կերակուրներու առատութիւնն ու այլազանութիւնն էր: Անպայման իւրաքանչիւր ընտանիք, նիւթական իր հնարաւորութիւններուն չափով, կը մորթէր հորթ, այծ, ոչխար կամ հաւ:
Սովորական օրերուն գիւղացին հազուադէպօրէն կը մորթէր իր տան անասունները, սակայն Բարեկենդանի աւանդոյթի արմատներուն մէջ կայ զոհաբերութեան գաղափարը, յանուն յաջողակ երկրագործական տարեսկիզբի, մատաղով սիրաշահած են աստուածները` խնդրելով բերքի առատութիւն:
Բարեկենդանի տօնի աւանդական ճաշատեսակներն են` փաթիլլան (պանիրով կամ միսով տապկուած խմորեղէն), ամիճը (լեցուած հաւ կամ հնդկահաւ), հալվան, փախլաւան, սռոնը (թանապուրի մէջ եփած խմորէ գնդիկներ), սեմսեկը, ձուածեղը, գաթայի տեսակները, աղանձը, փոխինձը, կոլոլակները, խորովածներն ու խաշլաման: