ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը 73-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լաթաքիոյ Թատամոնը: Ա. խմբակի առաջին դիրքը գրաւեց Հուրիէն, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ-ը:
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը մէկ շաբթուան տեւողութեան ուսումնամարզական հաւաք մը ունեցաւ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ուր կատարեց երկու բարեկամական հանդիպումներ Շարժայի ակումբին հետ: Առաջին հանդիպումին հաւաքականը ենթարկուեցաւ ձախողութեան, սակայն կրցաւ յաղթական աւարտել երկրորդ հանդիպումը:
Աւելցնենք, որ Համաշխարհային զտման մրցումներուն, Սուրիոյ հաւաքականին կը սպասեն երկու կարեւոր հանդիպումներ, առաջինը՝ Պահրէյնին, իսկ երկրորդը՝ Իրանի հաւաքականներուն դէմ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ 
Կիրակի օր աւարտին հասաւ 24-րդ ողիմպիական ձմեռնային «Փեքին 2022» մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Չինաստանի մէջ 4-20 Փետրուարին:
Աւարտական հանդիսութեան ողիմպիականի միջազգային դաշնութեան նախագահ Թովմաս Պախ բարձր գնահատեց մասնակից խաղացողներն ու պատուիրակութիւնները, որոնք յաջողեցան լաւագոյնս ներկայացնել իրենց երկիրները: Ապա ան ողիմպիական դրօշը յանձնեց Իտալիոյ պատուիրակութեան, նկատի ունենալով, որ 2026-ի մրցումները տեղի պիտի ունենան Իտալիոյ մէջ: Յայտնենք, որ սոյն ողիմպիականին մասնակցեցան 2911 մարզիկներ, որոնք ներկայացուցին 91 երկիրներ: Ախոյեանութեան աղիւսակին առաջին դիրքը գրաւեց Նորվեկիան՝ ապահովելով 37 մետալներ, որոնցմէ 16-ը ոսկի, 8-ը արծաթ եւ 13-ը պրոնզ էին:
 Երկրորդ դիրքը գրաւեց Գերմանիան, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Չինաստանը:
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ
 Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ փուլի մրցումներու ծիրին մէջ, Փարիզ Սան Ժերման անակնկալ պարտութիւն մը կրեց՝ 3-1 արդիւնքով զիջելով Նանթին: Յաղթական խումբի երեք կոլերը նշանակեցին Ռանտալ Քոլոնը, Քոնթին Մերլինն ու Լոտովիքը: Հանդիպումի առաջին կիսախաղի միակ կոլը նշանակեց Նէյմար Ժունիըր՝ 47-րդ վայրկեանին:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏՆ ՈՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 25-րդ փուլի մրցումներուն, Շաբաթ օր, մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տեփորթիւօ Ալավեսը: Ռէալի բոլոր կոլերը արձանագրուեցան երկրորդ կիսախաղին: 63-րդ վայրկեանին, Ասենսին նշանակեց առաջինը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Վինիսիոս Ժունիըրը կրկնապատկեց արդիւնքը: Նախքան հանդիպումի աւարտը, Քարիմ Պենզեման տուգանային հարուածով նշանակեց երրորդ կոլը: Կիրակի օր Պարսելոնան դարձեալ նկատելի արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Վալենսիան: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վալենսիոյ դաշտին վրայ եւ աւարտեցաւ 4-1 արդիւնքով:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան