Կազմակերպութեամբ, ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին, 26 Փետրուարին բողոքի հաւաք տեղի ունեցաւ Քանատայի Հանրային Ռատիոկայանի Վանգուվըրի կեդրոնատեղիին դիմաց, իբրեւ բողոք, 24 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդին: Ցուցարարները ատրպէյճանական զինուորական յանցագործութիւնները եւ Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող պաստառներ պարզեցին։