ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան` անդրադառնալով 28 Փետրուարին սկսած ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովին Բիւրոյի նոր կազմ ընտրելու հարցին, «Երկիր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ. «Ով որ ալ ընտրուի ՀՅԴ Բիւրոյի նոր ներկայացուցիչ` հիմակուընէ ես յաջողութիւն կը մաղթեմ եւ կ՛ըսեմ, որ մենք պիտի ըլլանք զինուորը այս կազմակերպութեան»:
 
«ՀՅԴ-ի գործը, ընդհանրապէս, չ՛աւարտիր: Բնականաբար, շատ բաներ կիսատ են, բոլորս ալ տրամադրուած ենք այս կազմակերպութեան: Բայց ես միշտ ըսած եմ եւ կ՛ըսեմ` ինծի համար կարեւոր չէ` Բիւրոյի անդա՞մ եմ, թէ՞ ոչ, ես, իբրեւ դաշնակցական, պիտի բերեմ իմ բաժինս, մնացածը ժողովի որոշումն է», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Եռաբլուրի մէջ, ուր ամբողջ աշխարհէն հասած պատուիրակներու հետ ծաղիկներ խոնարհեց նահատակ զինուորներու յիշատակին:
 
Ան ընդգծեց, որ դաշնակցական ժողովները պարզապէս ձեւական չեն, իսկապէս վճռորոշ ժողովներ են:
 
Ընդհանուր ժողովը, ըստ անոր, ունի բազմաթիւ օրակարգեր. ամէնէն գլխաւորը ՀՅԴ-ի քաղաքական ընդհանուր ռազմավարութիւնը ճշդելն է, Հայ դատի ուղղութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները ճշդելն է, ներազգային ճակատի վրայ յարաբերութիւնները ճշդելն է, այսինքն` համահայկական այլ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնները` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատներու, որոնք դերակատար են հայ կեանքին մէջ: Ժողովը պիտի քննէ նաեւ ներքին կազմակերպական ու տնտեսական հարցեր: Այդ պատճառով է, որ ժողովը 7-էն 10 օր պիտի շարունակուի:
 
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրուած է 2019-ին` մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակաշրջանի մէջ: Ան կ՛ըսէ, թէ մանաւանդ 2019-ին, երբ ընտրուեցաւ այս Բիւրոն, դէմ յանդիման գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ նոր իրողութեան, որովհետեւ նոր իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ մէկ տարի է կը գործէին, բայց տակաւին չէր սկսած այն տխուր ժամանակաշրջանը, որ շատ աւելի վատացաւ 2019-ի աւարտին:
 
«Աւելի՛ն, Թագավարակի համաճարակը ունեցանք, որ ազդեց ո՛չ միայն անհատապէս իւրաքանչիւր հայու, այլ նաեւ համայնքներու, հայրենիքի վրայ, եւ տագնապի մատնեց շարք մը շրջաններ, օրինակ` Լիբանանը, Սուրիան, եւ անշուշտ Հայաստանն ու Արցախը: Աւելցաւ Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը: Իսկ ամէնէն աղէտալին 2020-ի սեպտեմբերեան պատերազմն էր: Ասիկա պատերազմ էր, որմէ այս իշխանութիւնը պէտք է ամէն գնով խուսափէր, բայց իր վարք ու բարքով, իր հռետորաբանութեամբ, ընդհակառակը, աւելի գրգռեց: Եւ նկատի ունենալով, որ 2018-էն ետք Հայաստանը յատուկ ուշադրութիւն չէր դարձուցած հայ-ռուսական, հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, անոր համար, դժբախտաբար, այդ շրջանին բոլոր նախադրեալները կային, որ այս պատերազմը սկսելէ ետք անպայմանօրէն չունենար յաջող ելք, եւ բոլորս ականատես եղանք մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն պարտութեան», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: