Այսօր, 28 Փետրուարին «Անի Փլազա Հոթել» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 28 երկիրներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։
Բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ քայլերգներով։
 
Տէրունական աղօթք կարդաց Գերաշնորհ Տէր Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան եւ փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ողջիւններն ու օրհնութիւնը։
 
Ելոյթներով հանդէս եկան՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։
 
Իր խօսքի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ այն համակիրներուն, բարերարներուն, որոնք երկար տարիներ ՀՅ Դաշնակցութեան կողքին եղած են։
 
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան նիստը աւարտեցաւ։
 
Նշենք, որ Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին անգամ մը։ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է Արցախեան 44- օրեայ պատերազմէն ետք, կը տեւէ մինչեւ 8 Մարտ։