ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ՎԱՀԱՆ Ծ. ՎՐԴ. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅՆ
 
Տնօրինութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի եւ Թեմի Կրօնական Ժողովին, Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր շրջաններէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Բուն Բարեկենդանը, որ Մեծ Պահոց առաջին Կիրակին է։
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հանդիսապետեց Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, ներկայութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու։
Օրուան պատարագիչն էր՝ Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան։ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ դպրապետ բարշ. Սարգիս սրկ. Սարգիսեանի։
 
Սրբազան հօր քարոզին բնաբանն էր՝ օրուան աւետարանական ընթերցուածը. «Եթէ մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի» (Մտ 6.14): Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ սուրբ գրային այս համարով կը վերյիշենք Ադամի եւ Եւայի Աստուծոյ ներկայութեան ապրած երանական բուն կեանքը դրախտին մէջ։ Բուն Բարեկենդանի տօնը եւ Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը հոգեւոր ճանապարհորդութեան ընդմէջէն մեզի կը յիշեցնեն, թէ մեր ապրած երկրաւոր կեանքէն անդին գոյութիւն ունի յաւիտենական կեանք, որուն արժանանալու համար Քրիստոսին մեզի սորվեցուցած Տէրունական Աղօթքի բառերով անհրաժեշտ է, որ ներենք մեր նմանները, երբ յանցանք մը գործեն մեզի հանդէպ, որպէսզի մեր երկնաւոր Հայրն ալ մեզի ներէ։ «Ամէն անգամ որ կը ներենք մարդոց յանցանքները, Աստուած Իր ողորմութեամբ եւ գթութեամբ վերանորոգութեան եւ փրկութեան առիթ կու տայ մեզի», աւելցուց սրբազան հայրը։
 
Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ Մեծ Պահոց շրջանը մեր հոգիի անապատին մէջ ամփոփուելու եւ ընտրութիւն կատարելու հրաւէր մըն է, հետեւելով կա՛մ Ադամի եւ Եւայի մեղաւոր ճանապարհին, որուն վախճանը մահն է, կա՛մ Յիսուսի կեանքի եւ յարութեան ճանապարհին, որուն պսակումը յաւիտենական կեանքն է։
 
Սրբազան հայրը եզրափակելով յայտնեց, որ Բուն Բարեկենդանին օրը Սուրբ Խորանին վարագոյրը կը փակենք եւ մեր սրտին վարագոյրը կը բանանք Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի մեր հաւատքը զօրացնէ եւ մեր քայլերը ճիշդ ճամբուն մէջ հաստատէ։
 
Պատարագէն ետք, սրբազան հօր նախագահութեամբ Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբան հայր, Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդի օգնական, թեմի «Ծառայութեան» շքանշանակիր
վախճանեալ Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանի հոգւոյն։
 
Առաջնորդ սրբազան հայրը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանելով հայցեց, որ վախճանեալ Հայր Սուրբին հոգին խաղաղութեան մէջ պահէ եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ:
 
Յիշենք, որ վախճանեալ Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանի հոգւոյն այսօր Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս։
 
Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։