Համազգայինի «Լ.Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 25 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս հանդիսաւոր կերպով յիշատակուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը։
Ձեռնարկին ներկայ էին «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչն ու անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, Միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը եւ հայորդիներու հոյլ մը:
 
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան։ Ան ողջունեց ներկաները, ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազգային-կրօնական կեանքին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող, Աւարայրի դաշտին վրայ «Վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատքի» նահատակուած Վարդանանց սուրբերուն յիշատակութեան , որ եկաւ ճակատագրական վճիռը տալու հայ ժողովուրդի անկախ եւ քրիստոնավայել կեանքին:
 
Հուսկ, ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ Ազգ.Միացեալ ճեմարանի աշակերտներուն:
Արէն Սեդիկեան ջութակով մեկնաբանեց «Հայ Հերոսներ» երգը։
Յաջորդաբար Սէրլի Առաքելեան եւ Միրելլա Խալիլ իւրայատուկ ոճով կատարեցին «Վարդանանց» եւ «Խորհուրդ Վարդանանց» ասմունքները:
Շուշի Եագուպեան շնորհալի ձայնով մեներգեց «Քաջ Վարդան»-ի երգը, ապա երկու խմբային երգ ներկայացուցին 5- 6-7- րդ կարգի աշակերտները ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Օրդ. Նաթալի Ասպաթիին:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով հանդէս եկան տիկ. Դալար Ապգարեան, որ իւրայատուկ առոգանութեամբ մեկնաբանեց Գրիգոր Խանջեանի « Վարդանանքի Առջեւ » ոտանաւորը, իսկ Սերուժ Ղազարեան թովիչ ձայնով մեներգեց «Բարի Արագիլ» -ը :
 
Օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց Հոգշ. Տէր Անդրանիկ Աբղ. Կիւրիւնեան ՝ հոգեւոր տեսուչ Քեսապի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ:
 
Հայր սուրբը համապարփակ գիծերու մէջ, պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտի քաղաքական եւ կրօնական դրդապատճառներուն:
 
Ան խօսելով Պարսից թագաւոր Յազկերտ Բ.-ի վարած քաղաքականութեան՝ Հայերը ձուլելու եւ դաւանափոխ ընելու վճռակամութեան, ոտնահարելու քրիստոնէական հաւատքի ու խղճի ազատութիւնը ըսաւ.« Քրիստոնէութիւնը հայուն համար լոկ պաշտամունք մը չէր, այլ՝ կեանք, ապրելակերպ եւ մշակոյթ, ուր ազգ- հայրենիք-կրօնք սերտօրէն կապուած էին իրարու,կորսնցնել հաւատքը հայուն համար կը նշանակէր կորսնցնել ազգութիւնը, եթէ չըլլային Վարդանի եւ Ղեւոնդ երէցի նման հայրենասէր ու անձնուէր հերոսներ:
Վարդանանց նահատակները, շնորհիւ իրենց ցուցաբերած հայրենասիրութեան ու անձնազոհութեան՝ «վասն հաւատքի ու վասն հայրենեաց» գաղափարախօսութեան , անմահացան հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ ,զի Մահ իմացեալ ՝ անմահութիւն է »:
 
Հայր սուրբը խօսելով Աւարայրի ճակատամարտին, հայերուն տարած բարոյական յաղթանակին ըսաւ ,թէ Աւարայրի պատերազմը բարոյական յաղթանակի նշանակ մըն էր եւ ո՛չ ռազմական-քաղաքական, որովհետեւ հայ ազգը ծաւալելու կամ հող գրաւելու պատերազմ մը չմղեց, այլ իր հայրենիքը, ինքնութիւնն ու հաւատքը պահելու եւ պահպանելու վճռակամութիւնը ցոյց տուաւ՝ իր արեան գնով ,դառնալով հայ ժողովուրդի յետագայի ազգային ազատագրական պայքարին ներշնչման աղբիւր:
 
Ան եզրափակեց խօսքը, շեշտը դնելով Վարդանանց պատգամին ,որ հակառակ աւելի քան մէկ ու կէս հազարամեակ անցած է ճակատագրական այն թուականէն, սակայն պատգամը կը մնայ այժմէական մինչ այսօր եւ խրախուսեց ներկաները կառչած մնալու հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան ,ուր ըսաւ .«
Հայ ժողովուրդը , որպէս ազգ եւ հաւատք գոյատեւելու համար կը պայքարի մերօրեայ բազմազան մարտահրաւէրներու, նոր աւարայրներու դէմ . հետեւաբար , Վարդանանց պատգամն է պահպանել մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքները ՝ լեզուն, հաւատքն ու մշակոյթը ,որոնք գրաւականն են մեր ազգային ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման» :
 
Ձեռնարկի աւարտին վարչութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին ,որ սիրայօժար ընդառաջեց հրաւէրին եւ իր օգտաշատ դասակօսութեամբ լիցքաւորեց ու քրիստոնէական հաւատքով գօտեպնդեց ներկաները:
 
Վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Միացեալ ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան ,որ ճիգ չեն խնայեր քաջալերելու միութեան ձեռնարկները աշակերտներուն մասնակցութեամբ , ինչպէս նաեւ գեղարուեստական յայտագրին բոլոր մասնակիցներուն :
 
Հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով վերջ գտաւ յուշ երեկոն:
 
Այնուհետեւ վարչութեան կողմէ կոկիկ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:
 
Սոնա Անտրեան