«Եթէ ուրեմն մահը կը մեռնի մահով, չվախնանք Քրիստոսին մահակից ըլլալէ, որովհետեւ մենք որուն հետ որ մեռնինք, անոր հետ ալ կը կենդանանանք»: Ղեւոնդ Երէց
 
451 թուականը թէեւ արիւնոտ թուական մըն էր, սակայն ան վառ պահեց հայուն գոյատեւման եւ հայավայել կեանք ապրելու կամքն ու կորովը:
 
Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակից նահատակները ներկայ ժամանակներուն մէջ ալ իրենց պատգամը կ՚ուղղեն մեզի։
Ահաւասիկ լաւագոյն ապացոյցը՝ դարձեալ համախմբուեցանք եւ յիշատակեցինք Վարդանանց տօնը՝ տոգորուելու Վարդաններու խորհուրդով, վերանորոգելու ուխտը՝ միեւնոյն ոգիով ու կամքով շարունակելու մեր գոյութեան եւ զարգացման դժուար ճանապարհը:
 
Այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ՝ Քեսապի երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր հովիւներուն, Հինգշաբթի, 24 Փետրուար 2022-ին , կէսօրուան ժամը 12:00-ին, յետ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնին յիշատակումը՝ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
 
Օրուան հանդիսավար Լուսին Քիւրքճեան հրաւիրեց պատուելի Շանթ Ակիշեանը արտասանելու տօնակատարութեան բացման խօսքը:
Պատուելին անդրադարձաւ 451 թուին Վարդանին եւ իր զինակից ընկերներուն պարսիկներուն դէմ «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մեծ քաջութեամբ մղած պատերազմին, շեշտը դնելով քաջութեան վրայ։ Ան ըսաւ, որ բոլորս շատ լաւ գիտենք, թէ որքան քաջութիւն կը պահանջէ հաւատք եւ ինքնութիւն պահելը, իսկ Վարդանանց պատերազմը ոչ միայն պատմութեան մէջ արձանագրուած, այլեւ մինչեւ այս օրը շարունակուող պայքար է: Այնուհետեւ աւելցուց. «Մենք ալ, որպէս քեսապահայութիւն, եթէ այսօր մեր իրավիճակը քննենք, յստակօրէն կը տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ պայքար կը մղենք պահելու մեր եկեղեցիները եւ հայկական ինքնութիւնը՝ ամէն օր մեզ հարուածող եւ տկարացնող պայմաններուն դէմ»:
 
Բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր մը, որ հաճելի ելոյթով ներկայացուցին հայկական երեք վարժարաններու աշակերտնեդը՝ խանդավառութիւն ներշնչելով ներկաներուն:
 
Յայտագիրին ընդմէջէն Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանը ներկայացուց «Ի Խորոց Սրտէ» աղօթքը, Հայ Աւետ. Նահատակաց Միացեալ վարժարանը՝ «Ձօն Վարդանանց» խմբերգն ու ասմունքը, իսկ Ազգ. Ուսումն. Միացեալ ճեմարանը՝ խմբային ասմունք եւ Վարդանանք խորագիրով պատկեր մը։
Յայտագիրի աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը յաջորդաբար Վարդանի յիշատակին նուիրուած երեք երգ ներկայացուց, խմբավարութեամբ՝ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի:
 
Օրուան պատգամը եւ խորհուրդը ուղղեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան: Ան Աւարայրի ճակատամարտի նախորդող եւ յաջորդող դէպքերէն տեղեկութիւններ փոխանցելով ըսաւ. «Վարդանանց ճակատամարտը մեզ կը սորվեցնէ պահպանել հոգեւոր եւ ազգային մեր արժէքները: Այսօր ազգ մը իր ինքնութիւնը ցոյց կու տայ իր ունեցած արժէքներով: Արդեօք մենք ինչքանո՞վ կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը, այլ խօսքով՝ հոգեւոր ու ազգային արժէքները: Քրիստոնէական հաւատքը մեզ կը մղէ ճանչնալու մեր կեանքին նպատակը: Մեր նախնիները այդ փնտռտուքին մէջ էին, եւ այդ իսկ պատճառով չզլացան պայքարելու եւ պահանջելու իրենց հաւատքը: Հաւատքը այն համոզումն է, որ մարդս կ’առաջնորդէ արժէքներ կազմելու։ Մեր ազգը Աւարայրի ճակատամարտով ուրուագծեց իր Քրիստոսավայել ապրելակերպը: Քրիստոնէութիւնը պարզապէս կրօնք մը չէ, այլեւ՝ կեանք, ապրելակերպ: Մեր զինուորները կրօնքի մը համար չպատերազմեցան միայն, այլեւ Քրիստոսի շնորհած կեանքը արժեւորելու»:
Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Հոգեշնորհ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։ Ան անդրադարձաւ Աւարայրի ճակատամարտի հիմնական երկու պատճառներուն՝ կրօնքի պահպանման եւ Հայրենիքի պահպանման։ Ապա վեր առաւ դերը հերոս նահատակներուն, որոնք զոհուեցան, որ մենք ապրինք եւ գոյատեւենք որպէս հայ եւ որպէս քրիստոնեայ, տէր կանգնելով մեր ժառանգած սուրբ հողին, հայրենիքին, իսկ մեր պարագային, մեր գիւղին: Ան իր խօսքը աւարտեց հետեւեալը ըսելով. «Փա՜ռք Վարդանանց հաւատամարտի դիւցազներուն, փա՜ռք հաւատքի եւ հայրենիքի Սուրբ խորաններուն իրենց կեանքերը անսակարկ նուիրաբերող իմացեալ կեանքի կերտիչներուն, փա՜ռք ու պատիւ մեր նորօրեայ ազատ եւ անկախ Հայաստանին, Վարդանի ժառանգորդ հայրենիքի կերտիչներուն եւ զինուորներուն»:
Տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով, ապա բոլոր ներկաներուն մասնակցութեամբ երգուած «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Թղթակից