Արցախի Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ բուհի մէջ կազմակերպուած է «Ատրպէյճանի Ցեղասպան Քաղաքականութիւնը» նիւթով մամուլի ասուլիս։ Հիմնական բանախօսները եղած են Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներոը պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ ՄՄՀ Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Յովիկ Աւանեսով: Ասուլիսի վերջաւորութեան բանախօսները պատասխանած են լրագրողներու հարցումներուն: Մեսրոպ Մաշտոցի Համալսարանի Կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Յովիկ Աւանեսովի խօսքին համաձայն, 1918 թուականին Ատրպէյճան ըլլալով արհեստածին ձեւաւորուած պետութիւն՝ կազմաւորուած է ցեղասպան քաղաքականութեան հիմքի վրայ: Ասուլիսի նիւթը պատահական չէ ընտրուած: Նպատակն է՝ միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, որ ցեղասպան թուրքը առայսօր չէ փոխած իր ձեռագիրը եւ որեւէ յստակ արժեւորում չէ ստացած միջազգային կառոյցներու կողմէն: ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան յայտնած է, որ 1988 թուականէն՝ Ատրպէյճանի կողմէկ իրականացուող ցեղասպանութիւնները կրած են պարբերական բնոյթ: Սումկայիթեան իրադարձութիւնները այդ շղթայի առաջին մասն էր: Գեղամ Ստեփանեանի խօսքին համաձայն անոր յաջորդած են Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի, իսկ անկութեան ձեռքբերումէն վերջ նաեւ Արցախի մէջ նոր ոճրագործութիւններու իրականացումը: Անդրադառնալով Սումկայիթեան ջարդերուն, որ ըստ Յովիկ Աւանեսովի յստակ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն էր, որովհետեւ նախապէս կազմակերպուած էր հայերու հասցէական բնաջնջումը, այդ ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան տակաւին համապատասխան արժեւորում չէ տուած: Ասուլիսին՝ ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մանրամասնած է, որ մեզի համար շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութեան ցոյց տանք այս ամէնը: Ասոնք հատուկենտ դէպքեր չեն, այլ պետութեան կողմէն հովանաւորուող համակարգուած ծրագիր, որ ցեղային ոչմչացման ուղղուած է, իսկ անիկա՝ միջազգային իրաւունքով ցեղասպանութեան հասկացութեան սահմանումը ցոյց կու տայ: Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կը շարունակուին իրականացուիլ շարք մը աշխատանքներ: 2020_ին տեղի ունեցած ցեղասպանական գործողութիւնները հաւաքագրուած եւ համակարգուած ձեւով ներկայացուած են միջազգային հանրութեան, նաև քննուած են Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի և Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ: Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ ՄՄՀ ռեքթոր Տոնարա Գաբրիէլեան և պրոռեքթոր Ալիսա Պաղտասարեան:

Ցուցապաստառները տրամադրած է Արցախի պետական-պատմաերկրագիտական թանգարանը։