Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային ծառայութեան ոլորտին մէջ գործակցութիւնն ու ապրանքներու փոխանակումը զարգացնելու նպատակով, յատկապէս Սուրիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներուն լոյսին տակ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2022-ի «3» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն Սուրիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ 14 Մայիս 2021-ին ստորագրուած օդային ծառայութեան համաձայնութիւնը վաւերացուեցաւ։