“Երկիր Մետիա”._ԱԺ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակութիւնները, ինչպէս եւ նախապէս յայտնած էին, 2 Մարտի նիստին դէմ դրին նախագահի ընտրութեան հարցով քննարկումին։ Ընդդիմադիր պատգամաւորները լքեցին նիստի դահլիճը՝ տեղի ունեցածին հանդէպ արտայայտելով իրենց վերաբերմունքը։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը այս պաշտօնով առաջադրած է Բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան նախարար, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Վահագն Խաչատրեանի թեկնածութիւնը։ Ան միակ թեկնածուն է։ 1992-1996 թուականներուն Վահագն Խաչատուրեան եղած է Երեւանի քաղաքապետ, իսկ 1996-1999 թուականներուն՝ ԱԺ պատգամաւոր: 1996-1998_ին Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի խորհրդականն էր: 2019_էն մինչ նախարար դառնալը գործարար, այժմ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» իշխող խմբակցութեան պատգամաւոր Խաչիկ Սուքիասեանին պատկանող «Հայէքոնոմպանքի» խորհուրդի անդամ էր: 4 Օգոստոս 2021_ին նշանակուած է Բարձր ճարտարագիտակամ արդիւնաբերութեան նախարար: Յիշեցնենք, որ առաջին փուլով նախագահ կ’ընտրուի այն թեկնածուն, որ ստացած է պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներուն առնուազն երեք քառորդը: Անհրաժեշտ ձայներու թիւը, ներկայիս 107 պատգամաւորի պարագային, կազմած է 80,25 ձայն, սակայն ՔՊ-ական պատգամաւորներու թիւը 71 է: Ըստ Սահմանադրութեան, եթէ Հանրապետութեան նախագահ չ’ընտրուիր, ապա տասնօրեայ ժամկէտով կը կատարուի նախագահի նոր ընտրութիւն` նոյն փուլերով։ Երկրորդ փուլով արդէն ընտրուած կը համարուի ձայներու երեք հինգերորդը ստացած թեկնածուն։ Երրորդ փուլին արդէն կրնայ մասնակցիլ երկրորդ փուլին առաւել ձայներ ստացած երկու թեկնածուն: Երրորդ փուլով Հանրապետութեան նախագահ կ’ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու կէսէն աւելին։