Երեքշաբթի, 1 Փետրուար 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ալի Ասղար Խաճի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ եւ Իրանի յարաբերութեան շուրջ։ Անոնք համաձայնեցան երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր ոլորտներու, յատկապէս տնսեսական ոլորտի մէջ, գործակցութիւնը ամրապնդելու մասին։ Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, քաղաքական գործընթացին, Ասթանայի եւ Ժընեւի յառաջիկայ բանակցութիւններուն շուրջ։ Այս առիթով Նախագահ Ասատ եւ Խաճի շեշտեցին, որ բանակցութիւնները պէտք է հեռու մնան արտաքին միջամտութիւններէն։ Խաճի նախագահ Ասատին ներկայացուց իրանեան միջուկային ծրարին եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւններու գործընթացի վերջին զարգացումները։ Այս առումով, ան յայտնեց, որ կարելի է դրական արդիւնք ձեռքբերել, եթէ արեւմուտքի պետութիւնները յարգեն այս ծրարին վերաբերող բոլոր պայմանները։