“Էրմէնիհապեր”._«YouTube» ընկերային ցանցը արգելափակած է տեսանիւթը, ուր Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր ու նախկին նախարար, իսկ այժմ Չեխիոյ Թուրքիոյ դեսպան Էկեմէն Պաղըշ ժխտած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Հաղորդուած է, որ Ապրիլ 2020-ին նկարահանուած տեսանիւթը նախ հեռացուած է թրքական կայքի իւթուպեան ալիքէն:

Աւելի ուշ նոյն տեսանիւթը իր անձնական իւթուպեան ալիքին վրայ տեղադրած է նաեւ Պաղըշը: Համաշխարհային վիտէօհարթակը անգամ մը եւս արգելափակած է նշեալ տեսանիւթը: Իբրեւ արգելափակման հիմնաւորում՝ յիշուած է առկայ ատելութեան խօսքը: