“Էրմէնիհապեր”._Ուքրանիան թրքական «Bayraktar TB2» հարքւածային անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) նոր խմբաքանակ ստացած է: Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով։ Ան տեղեկացուցած է, որ թրքական ԱԹՍ-ները արդէն անցած են մարտական հեթապահութեան: Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ պիտի ստանան նաեւ «Սթինկըր» շարժական զենիթահրթիռային համալիրի եւ «Ջաւելին» հակահրասայլային համակարգերու նոր խմբաքանակ: