Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի մամուլի քարտուղար Էլիզապէթ Չուլճեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ, որ վերջին տարիներուն մօտաւորապէս 120 միլիոն տոլար ամերիկեան կառավարութենէն ուղարկուած է Ատրպէյճանին,  հակառակ անոր, որ Ատրպէյճան եղած է յարձակողական ուժը ամէն քայլափոխի Հայաստանի եւ Արցախի դէմ:
Ան յայտնեց, որ ասիկա կը տեսնենք առօրեայ մակարդակով ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան հողին վրայ, ուր դեռ 1000-է աւելի ատրպէյճանական զօրք կայ:
«Ուրեմն ամերիկեան կառավարութիւնը պէտք է յստակ ազդանշան ուղարկէ Ատրպէյճանի կառավարութեան, յայտնելով որ չի կրնար ամերիկեան օժանդակութեամբ կանաչ լոյս տալ Ատրպէյճանի կառավարութեան, որ շարունակէ իր յարձակողական քայլերը», ըսաւ Չուլճեան:
Ան յիշեցուց Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, Մարաղայի ջարդերը եւ ըսաւ, որ ասոնք 34 տարուան ընթացքին շարունակուած են եւ միջազգային մակարդակով Ատրպէյճանին ազդանշան տուած են, որ կրնայ շարունակել իր քայլերը: