Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հաստատած է կառավարութեան որոշում մը, որուն համաձայն՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշանակուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ: