Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը յայտնած է, որ պետական բաժինը ձախողած է Ատրպէյճանի կառավարութեան ԱՄՆ-ի աջակցութեան վերանայման համար հաշուետուողականութեան պահանջներու կատարումը։

ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ծերակուտական Ռոպերթ Մենենտեզ 2 Մարտին հրապարակած է Կառավարութեան հաշուետուողականութեան գրասենեակի (GAO) զեկոյցը: Ըստ նախագահ Մենենտեզի, ԱՄՆ-ի վարչակազմը խախտած է օրենքը (907-րդ բանաձեւը)՝ Ատրպէյճանին 164 միլիոն տոլարի զինուորական օգնութիւն ուղարկելով (2002-2020 թթ.): GAO-ի զեկոյցը «բացայայտեց, որ քանի մը տարիներու ընթացքին Պետքարտուղարութիւնը եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չեն ապահոված Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին միջև զինուորական հաւասարակշռութեան վրայ ԱՄՆ-ի աջակցութեան ազդեցութեան մասին Քոնկրեսին ներկայացուող հաշուետուութեան օրէնքով սահմանուած պահանջները», ըսուած է ծերակուտականին հաղորդագրութեան մէջ:

Համաձայն ծերակուտական Մենենտեզի մամուլի հաղորդագրութեան, ԱՄՆ Կառավարութեան հաշուետուողականութեան գրասենեակի զեկոյցի հիմնական բացայայտումները հետեւեալն են.

-ԱՄՆ կառավարութեան հաշուետուողականութեան գրասենեակի (GAO) զեկոյցը կը բացայայտէ նախապէս չբացայայտուած ընդհանուր 164,000,000 ԱՄՆ տոլարի զինուորական/անվտանգութեան օգնութիւնը, որ տրամադրուած է Ատրպէյճանին:

-Պետական բաժինի՝ 2014-2021-ի տնտեսական տարիներու Քոնկրեսին ներկայացուած հաշուետութիւնը չէ անդրադարձած պահանջուող տարրերուն՝ առաջարկուող օգնութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութեան վրայ:

-Պետական բաժինի հիմնաւորման յուշագիրները կը պարունակէին սահմանափակ կամ ընդհանրապէս չէին պարունակեր մանրամասնութիւններ՝ առնչուած օգնութեան չափի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութեան կարգավիճակին, զինուորական հաւասարակշռութեան վրայ ԱՄՆ աջակցութեան ազդեցութեան կամ խաղաղութեան բանակցութիւններու վրայ աջակցութեան ազդեցութեան հետ:

-Պետական բաժինի 2021թ.-ի ուղեցոյցին մէջ չէին տրամադրուած մանրամասն հրահանգներ գործակալութիւններուն՝ Քոնգրեսին հաշուետուութիւն ներկայացնելու պահանջներու մասին:

-Պետական բաժինը եւ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը չեն փաստագրած 2014-2020թթ.-ի տարիներու կասեցման պահանջներու իրենց դիտարկումը, ներառեալ, թէ ինչպէս անոնք որոշած են, որ օգնութիւնը չէր օգտագործուիր Հայաստանի դէմ հարձակողական նպատակներով: