Հայաստանի տարածքին առկայ են անթիւ նախադարեան յուշարձաններ, վանքեր, սակայն ամենախորհրդաւոր, պատմաբաններու եւ գիտնականներու հետաքրքրութիւնը գրաւող կառոյցը Քարահունջն է: Այժմ պատմամշակութային արգելոց եւ պետութեան կողմէ պահպանուող տարածք է: Յայտնի է Քարենիշ կամ Զօրաց քարեր անուններով, պրոնզ-երկաթի դարաշրջանի հսկայ եւ ինքնատիպ մեգալիթեան կառոյցներով (դամբարաններ): Հնավայրը անուանուած է «Զօրաց քարեր», որ կը նշանակէ քարէ զօրք: Ժողովրդական աւանդոյթին  համաձայն, քարերը քարացած զինուորներ են: Քարահունջ բառն ալ ունի հետաքրքրական ստուգաբանութիւն. ան կը նշանակէ «քարերու փունջ» կամ հնչող՝ խօսող քարեր: Կայ ուրիշ կարծիք մըն ալ, որ Քարահունջ անուանումը տրուած է անգլիական Սթոունհենճ հնավայրի նմանութեան պատճառով: Յայտնի են նաեւ այլ անուանումները՝ Ցից քարեր, Դիք-դիք քարեր:

 

Հնագիտական պեղումներու համաձայն, ինչպէս, որ աշխարհի այլ միգալիթեան կառոյցները, Քառահունջի յուշարձանը եղած է կրօնական պաշտամունքային կառոյց, դամբարան եւ բնակավայր: Սակայն 1980-ական թուականներէն սկսեալ կ’ուսումնասիրուին անոր աստղագիտական դերն ու նշանակութիւնը: 2004-ին նախապատմական հնագիտական այս կառոյցը Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կը ճանչցուի իբրեւ «Քարահունջ աստղադիտարան»: Կը գտնուի Հայաստանի Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մօտ:
Շինութեան համար մեր նախնիները մօտակայ Դարբ գետի՝ Որոտանի վտակի ձորի քարահանքէն  հաւաքած են 222 քարեր: Անոնք պազալթ են, որոնց բարձրութիւնը կը տարուբերի կէս մեթրէն մինչեւ 3 մեթրի միջեւ, իսկ ծանրութիւնը՝ մինչեւ 10 թոն: Անոնցմէ 84 հատին վրայ կը գտնուին 4-5 սմ. ձուաձեւ անցքեր, որոնք եզակի երեւոյթ կը կազմեն հնագոյն յուշարձաններուն մէջ: Այդ անցքերը կ’ապահովեն դէպի նպատակէտը բարձր ճշգրտութիւն եւ կայունութիւն: Կ’արժէ մտածել, թէ որքան ժամանակ եւ ոյժ պէտք էր այդ  50 թոն եւ աւելի ծանրութիւն ունեցող քարերը քանի մը քիլոմեթր կրելու համար:
Քարահունջը բաղկացած է խումբ մը կառոյցներէ եւ առանձին քարերէ, որոնք միասին կը կազմեն համալիրը: Այդ կառոյցներն են՝ կեդրոնական շրջանը, հիւսիսային եւ հարաւային թեւերը, հիւսիս-արեւելեան քարուղին, շրջանը հատող լարագիծը, ինչպէս նաեւ առանձին կանգնած քարերը: Հակառակ անոր, որ հողային մաշումներու ենթարկուելուն պատճառով քարերը ծածկուած են քարամամուռներով , սակայն մեծ մասը պահպանուած է:
Փոքր անցքերով այս քարերը զարմանալիօրէն կը հանդիսանան ճշգրիտ աստղադիտակներ: Այսպէս, որոշ անցքեր ուղղուած են հորիզոնին ու կը նային արեւածագի եւ արեւմուտի կէտերուն ուղղութեամբ: Ուրիշ անցքեր կը նային դէպի վեր՝ երկնքի տարբեր կէտերու:
Քարահունջի տարիքին մասին յաճախ իրար հակասող եւ ընդդիմացող տեսակէտներ կան:Յուշարձանի տարիքի մասին մանրամասն ուսումնասիրութիւններ  կատարած է հայ գիտնական ակադեմիկոս Պարիս Հերունին: Ան «Հայերը եւ Հնագոյն Հայաստանը» գիրքին մէջ ներկայացուցած է իր կատարած աստղագիտական, ֆիզիքական եւ թուաբանական հաշուարկները, որոնց հիման վրայ Քարահունջը կառուցուած է 7500 տարի առաջ:
Զուիցերիացի գիտնական, գիտութիւններու դոկտ. Քլէյնր 1995-ին ուսումնասիրած է Քարահունջի տարածքը: Ան ուշադրութիւն դարձուցած է թիւ 68 քարին, որուն փորուած խորշին մէջ անձրեւաջուր լեցուած էր: Ջուրի մակերեսէն արտացոլուած արեւու ճառագայթը թիւ 69 քարին գագաթին հետ կը կազմէ որոշակի անկիւն մը: Քլէյնր կարծիք յայտնած է, որ առանձին կանգնած թիւ 200 քարը խաղցած է նոյն դերը, ինչ որ Անգլիոյ «Սթոունհենճ» ի յայտնի կրկնաքարը: Ան յայտնաբերած է շարք մը գործիքներ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ առնչուած են աստղագիտութեան հետ:
2003-ին ռուս փրոֆեսոր Փոչքարեով ուսումնասիրութիւններէ ետք այն եզրակացութեան կու գայ, որ Քարահունջը աշխարհի ամենահին աստղադիտարանն է:
2016 -ին «National Geographic» ամսագիրը զայն ներառեց աշխարհի հնագոյն աստղադիտարաններու ցանկին մէջ:
Սեւան Ազարիկեան-Պարմաքսզեան