ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Պասքեթի համաշխարհային մրցաշարքի զտման փուլի մրցումներուն, Սուրիոյ Պասքեթի տղոց հաւաքականը 68-80 արդիւնքով Իրանի մէջ պարտուեցաւ հիւրընկալ կազմէն:
– Սուրիոյ պասքեթի Բ. դասակարգի տղոց մրցումներուն, ՀԵԸ-ի տղաքը, շարունակելով իրենց փայլուն արդիւնքները, Դամասկոսի մէջ 67/70 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին ալ Նասըրին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱՏԱԼ ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ԲԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ
Համաշխարհային թենիսի արհեստավարժ խաղացողներու աղիւսակին 5-րդ դիրքը գրաւող Ռաֆայէլ Նատալ Կիրակի, 27 Փետրուարին տիրացաւ Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած բաց մրցաշարքի ախոյեանութեան՝ աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով անգլիացի Քամիրուն Նուրին:
Հանդիպումը ընթացաւ մէկ ժամ 54 վայրկեան տեւողութեամբ եւ աւարտեցաւ 4-6/4-6 արդիւնքով՝ ի նպաստ Նատալի:
Աւելցնենք, որ Նատալի մարզական կեանքին մէջ այս եղաւ ախոյեանութեան 91-րդ տիտղոսը: Վերջերս ան տիրացաւ Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի ախոյեանութեան տիտղոսին:
ՌՈՄԱՆ ԻՊՐԱՄՈՎԻՉ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ 
Անգլիոյ Չելսի ակումբի սեփականատէր Ռոման Իպրամովիչ ներկայացուց իր հրաժարականը եւ գործը          վստահեցաւ Չելսիի բարեսիրական հաստատութեան: Իպրամովիչ դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց. «Այսօրուընէ գործս կը յանձնեմ Չելսիի բարեսիրական հաստատութեան անդամներուն եւ վստահ եմ, որ անոնք կրնան շարունակել ինչ որ սկսած էինք: Նախագահութեանս քսան տարիներուն ընթացքին միշտ փորձեցի ակումբը պահել լաւագոյն դիրքերու վրայ: Կարծեմ յաջողեցայ առաքելութեանս մէջ»:
Աւելցնենք, որ ռուս մեծահարուստը Չելսիին հետ արժանացած է զանազան տիտղոսներու:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԳԱՒԱԹԸ 
Կիրակի, 27 Փետրուարի երեկոյեան Լիվըրփուլ նուաճեց անգլիական լիկայի գաւաթը՝ աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Չելսին: Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած հանդիպումին հիմնական ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ 0-0 հաւասար արդիւնքով: 11 մեթրի հարուածներուն Լիվըրփուլի խաղացողները կրցան ներկայանալ աւելի յաջող եւ նշանակել 11 հարուած, իսկ մրցակիցը բաւարարուեցաւ միայն 10 կոլով: Աւելցնենք, որ ասիկա 9-րդ անգամն է, որ Լիվըրփուլ կը տիրանայ սոյն բաժակին:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան