«Կանանց Միջազգային Տօն»-ին առիթով, «Գանձասար» մտերմիկ հանդիպումներ պիտի ունենայ զանազան մարզերու մէջ գործող  հայուհիներու հետ, որոնք հակառակ երկրի դժուար պայմաններուն, իրենց ուսման եւ աշխատանքին ձգտումը կեանքի կը  կոչեն ՝ զուգահեռաբար իրենց ընտանեկան պարտաւորութիւններուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցներու առաջին բաժինը. 
Փրոֆ. Մարալ Սարգիս իր պատանութեան օրերէն աշխատասէր աշակերտուհի եղած է: Ներկայիս ան փրոֆեսոր է, Հալէպի  համալսարանէն ներս դասախօս եւ այլազան պաշտօններ կը վարէ: Աւարտած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Շինարարական Երկրաչափութեան ճիւղը: 4 տարի պաշտօնավարած է Տեղական Կառավարման Նախարարութեան թեքնիք ծառայութեան բաժինին մէջ, ապա իր տարբեր աշխատանքներուն եւ ուսման մէջ առաջնակարգ ըլլալուն բերումով, պետութիւնը զինք ընծայած է զանազան առիթներ, ինչպէս Հալէպի համալսարանէն ներս դասախօսելու, ապա իր ուսումը կատարելագործելու Ֆրանսա: Հոն 6 տարի բարձրագոյն ուսման հետեւելով ձեռքբերած է դոկտորականի եւ փրոֆեսորի  կոչումներուն արժանանալով վերադարձած է Սուրիա՝ փոխանցելու իր ողջ ուսումն ու փորձառութիւնը նոր սերունդին ու ծառայելու իր երկրին:
«Կառավարութիւնը ժրաջաններուն տեւաբար առիթներ կ’ընծայէ: Ֆրանսայէն վերադառնալէս՝  2002-էն, ի վեր  պէտք էր իբր փրոֆ. պաշտօնավարէի համալսարանէն ներս: Մինչեւ օրս դասախօս եմ այնտեղ: Այս  միջոցին միայն դաս տալով չէի բաւարարուեր, այլ կ’աշխատէի ուսումնական վաստակս հարստացնել, յառաջանալ: Այս իսկ պատճառով 2004-ին եւ 2006-ին դարձեալ կարճ ժամանակներով մեկնեցայ Ֆրանսա՝ յաւելեալ ուսում ու փորձառութիւն ստանալու: 2008-ին կրկին վերադարձայ Սուրիա: 2010-էն 2013 Ռաքքայի «Ֆուրաթ» Համալսարանէն ներս նշանակուեցայ Շինարարական Երկրաչափութեան Համալսարանի փոխդեկան, զուգահեռաբար այստեղ  դասաւանդութեանս:
2014-էն 2018 փոխդեկան՝ Հալէպի Շինարարական Երկրաչափութեան Համալսարանի: Այդ տարիները շատ դժուար էին աշակերտութեան համար, տագնապի օրեր էին: Ուստի աշխատանքս ստանձնելով փորձեցի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ անոնց:
2018-էն մինչեւ օրս կը վարեմ  Հալէպի Պետական Համալսարանի բարձրագոյն ուսման բաժնի փոխնախագահի պաշտօնը»:
Երբ հարցուցինք դոկտ. Մարալին, թէ որքանո՞վ դժուար է կնոջ մը համար Սուրիոյ մէջ լաւ դիրքեր նուաճելը, բաղդատմամբ տղամարդուն, ան պատասխանեց.
«Ինչպէս գիտէք, Միջին Արեւելքի մեր երկիրներուն մէջ կինը երկրորդ մակարդակի վրայ է, որեւէ պաշտօնի թեկնածու գտնելու համար միշտ տղամարդուն կ’ուղղուին հայեացքները: Հակառակ այս իրականութեան, վերջերս Սուրիոյ նախագահէն ուղղութիւն տրուած է, որ կիները իրենց որոշ տոկոսով ներկայութիւն ըլլան իւրաքանչիւր մարզի մէջ, հետեւաբար իգական սեռին աւելի առիթներ տրուեցան համալսարանի ու զանազան մարզերու մէջ:
Եթէ պահ մը պատմութեան   վերադառնանք, կը տեսնենք, որ հայերս դարերու ընթացքին շատ տառապանքներ կրած ենք: Մեր մամիկներն ու պապիկները Տէր Զօրէն շատ դժուարութեամբ հասան, բայց հակառակ անոր կրցան հիմնել իրենց ընտանիքներն ու զանազան մարզերու մէջ լաւ դիրքերու հասնիլ: Բաղդատմամբ անոնց, ինչո՞ւ ներկայիս պիտի չկրնանք իրենց նման ու աւելի  յառաջանալ, մանաւանդ որ մեզի առիթներ շնորհուած են:
Վերջին շրջանին ու մինչեւ օրս բոլորս ալ տագնապալի պայմաններու մէջ կ’ապրինք, բայց ըստ իս, միշտ լաւատես պէտք է ըլլանք ու յոյս ներշնչենք մեր շրջապատին: Ես այդպէս կը վարուիմ համալսարանի աշակերտներուս հետ, որոնք իրենց կարգին նոյնպէս բարձր տրամադրութիւն կը փորձեն սփռել իրենց շուրջը: Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ աշակերտները «դոկտ. Մարալ» անունը լսեն ժպիտ մը կ’ուրուագծուի իրենց դէմքին վրայ, որովհետեւ ուսումէն անկախ կրցած եմ լաւ բաներ ցանելով անոնց մէջ սիրաշահիլ զիրենք:
Հայը ինքզինք փաստած է  ուսումի, արուեստի ու արհեստի մէջ, յատուկ ու փայլուն հետք ձգելով զարգացուած է իր շրջապատը»:
Դոկտ. Մարալ հոգեկան գոհունակութիւն կ’առթէ ուսանողներուն օգտակար դառնալով: Անոնք իր զաւակներն են: Դոկտորը ուսման կողքին դաստիարակչական աշխատանք կը տանի:
Երբ հարցուցինք, թէ ի՛նչն է զինք խթանողը, ան պատասխանեց.
«Կրթութեան մեծ ազդեցութիւնն է այս: Եթէ ծնած ես ընտանիքի մը մէջ, որ միշտ կը նուիրուի, կու տայ անփոխադարձ, հիւրասէր է, ուսումը սիրող… դուն ալ իրենց ուղիով, զիրենք իտէալ դարձնելով կը շարունակես ուղիդ: Տան կրթութիւնը եւ աշխատանքը մարդս կը յառաջացնէ, միեւնոյն ատեն, մարդ արարածը բնազդով կը փափաքի աւելի լաւին ձգտիլ: Պաշտօնը չէ, այլ աշխատանքն է, որ կը փնտռենք: Օգտակար կը դառնանք մեր շրջապատին ու կը վայելենք անոր վստահութիւնը: Մենք՝ 4 քոյրեր փրոֆեսոր ենք, զիրար կը քաջալերենք, կը սիրենք ուսումն ու աշխատանքը: Եթէ սիրես ըրածդ, անկասկած կը հասնիս ձգտումիդ: Ես փոքր գրասենեակովս, ուսանողներովս, անոնց իմ հանդէպ ունեցած յարգանքով ու սիրովս անսահման ուրախ եմ»:
Փրոֆեսորը Կանանց Միջազգային տօնին առիթով բոլոր կանանց կը յորդորէ ըլլալ քաջ ու ինքնավստահ, ձգտիլ ուսման ու վկայական ստանալու եւ անդադար սորվիլ ու զարգանալ:
«Այս դարուն տղամարդն ու կինը համահաւասար են: Մեր մտքէն հանենք անհաւասարութեան բարդոյթը: Մեր կրօնքը կը հիմնուի հաւատք, յոյս, սէր երրորդութեան վրայ: Ուստի երբ զինուած ըլլանք անոնցմով, կը յաջողինք ու կը տարածենք սէրն ու յոյսը: Այր թէ կին մարդու համար շատ կարեւոր է աշխատանքը, որ մեզ կը հասցնէ լաւ դիրքերու, բայց չաճապարենք արագ հասնելու անոր: Ամէն բան իր ժամնակը ունի, եթէ  արժանի ենք պաշտօնի մը ու կ’արդարացնենք զայն, կը ստանձնենք այդ պաշտօնը բնականաբար, այլապէս կը մերժենք զայն, որովհետեւ մարդն է որ պաշտօնն ու աթոռը կը զարդարէ, ոչ թէ՝ հակառակը:
Ի վերջոյ մարդ անհատին հարստութիւնը ուրիշին մատուցած ծառայութեան մէջ է: Միշտ պիտի տաս նուիրաբար, յաջող անձ մը ըլլալու գաղտնիքը ուսումդ եւ սորվածդ ուրիշին փոխանցելու մէջ է»:
(շար.1)
Հարցազրոյցը վարեց
Սեւանայ Հալլաճեան